Ազերիները նոր դիրքե՞ր ամրացուցած են Հայաստանի մէջ

Թաթօ-Պապօ

Թաթոյեան կը յայտնէ, որ ազերպայճանական ուժերը յառաջացած եւ նոր դիրքեր ամրացուցած են Հայաստանի մէջ՝ վկայակոչելով արբանեակային լուսանկարներ. Պաշտպանութեան նախարարը կը հերքէ

Հայաստանի նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ ընդդիմադիր գործիչ Արման Թաթոյեան կը յայտնէ, որ ազերպայճանական ուժերը յառաջացած եւ նոր դիրքեր ամրապնդած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ։ Ան կը վկայակոչէ արբանեակային լուսանկարներու իր վերլուծութիւնը, որ ցոյց կու տայ զօրքերու տեղաշարժեր եւ նոր ռազմական ենթակառոյցներ՝ Վարդենիսէն մինչեւ Ջերմուկ։ 

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հրապարակայնօրէն հերքած է այս պնդումները՝ զանոնք որակելով կեղծ, մինչ իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութեան ներկայացուցիչներն ալ կը պնդեն, թէ նման տեղաշարժերը անպայման պիտի նշմարուէին տեղացի բնակիչներուն կողմէ։

Արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան, որ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդող երկու տարիներուն ընթացքին ազերպայճանական զօրքերը քիլոմեթրերով յառաջացած են հայկական տարածքէն ներս։ Թաթոյեան մեծ պաստառի մը վրայ ցուցադրած է այն վայրերը, ուր այս ուժերը ամրապնդուած են։

“Պաքուն կը շարունակէ կտոր առ կտոր իր վերահսկողութեան տակ առնել մեր ինքնիշխան հողերը՝ ճիշդ երշիկ կտրելու պէս։ Սա գինն է, զոր կը վճարենք խաղաղութիւն հետապնդելու յաւակնութիւն ունեցող կառավարութեան օրօք”,– Մարտ 4-ին յայտարարած է Թաթոյեան՝ աւելցնելով, որ շօշափելի ապացոյցներ պիտի ներկայացնէ իր պնդումները հիմնաւորելու համար։

Ըստ Թաթոյեանի՝ Վարդենիսէն մինչեւ Ջերմուկ, Հայաստանի տարածքին խորքը գտնուող ազերպայճանական դիրքերը զգալիօրէն ամրապնդուած են անցեալ տարուան Յուլիսէն Օգոստոս երկարող ժամանակահատուածին՝ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան նախնական համաձայնագրերու ստորագրութենէն առաջ։

“Ապացոյցներէն յստակ կը դառնայ, որ երբ անոնք իմացան Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ սպասուող TRIPP համաձայնագրերուն մասին, ազերպայճանական իշխանութիւնները արագօրէն գործի անցան՝ գիտնալով, որ ստորագրութենէն ետք այլեւս պիտի չկարենային նման քայլերու դիմել։ Հայաստանի իշխանութիւնները տեղեակ էին ատոր եւ բնականաբար գաղտնի պահեցին հանրութենէն։ Վստահ եմ, որ անոնք այդ թաքցուցին նաեւ իրենց ամերիկացի գործընկերներէն”,– նշած է Թաթոյեան։

Անոր համաձայն՝ Վարդենիսի մէջ Յուլիսէն ետք յայտնուած են նոր դիրք մը եւ ռազմական թաքստոցներ, որոնց ամրաշինական աշխատանքները աւարտած են Օգոստոս 19-ին։ Այս կառոյցները կ՚ընդգրկեն «գափոնիէռ»-ներ (caponnières)՝ յատուկ կառուցուած թաքստոցներ, որոնք կրնան պատսպարել ռազմական կառքեր, ներառեալ՝ հրասայլեր։