Միրզոյեան-Պառօ հեռաձայնային զրոյց

Միրզօ-Պառօ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան-Նոէլ Պառոյի հետ։

Զրոյցին անդրադարձ կատարուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են վտանգաւոր այդ գօտիներուն մէջ գտնուող քաղաքացիներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն շուրջ։ Նախարար Միրզոյեան յատկապէս ընդգծած է տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու կարեւորութիւնը։

Բացի ատկէ, Արարատ Միրզոյեանն ու Ժան-Նոէլ Պառօն անդրադարձած են յառաջիկայ Մայիսին Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին՝ շեշտելով զայն բարձր մակարդակով կազմակերպելու նպատակով երկկողմանի ցուցաբերուող աշխուժ ջանքերը։