Փաշինեանի աշխատանքային այցը Վրաստան

ՀՀ-Վրաստան

Տնտեսական գործակցութիւն եւ ռազմավարական կապեր

Վարչապետ Փաշինեան Մարտ 3-ին եւ 4-ին աշխատանքային երկօրեայ այցով մեկնեցաւ Վրաստան։ Այցին գլխաւոր նպատակն էր մասնակցիլ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 15-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ վրացական Սիղնաղի քաղաքին մէջ։

Այցին շրջագիծէն ներս Փաշինեան գլուխ-գլխի զրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէի հետ։ Զրոյցին ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը։ Անոնք ընդգծեցին առեւտրատնտեսական կապերու շարունակական ընդլայնման եւ նոր կարելիութիւններու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։

Վարչապետ Փաշինեան յատկապէս շեշտեց Վրաստանի առանցքային դերը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն ծիրին մէջ՝ զայն նկատելով շատ կարեւոր գործընկեր։ Միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը, որուն համանախագահեցին երկու վարչապետերը, նոր թափ հաղորդեց դրացի պետութիւններու միջեւ տարբեր ոլորտներէ ներս գործակցութեան ամրապնդման։