Փարիզի Նորաձեւութեան շաբաթ – Արուեստն ու բարձր նորաձեւութիւնը կը միաձուլուին Արմինէ Օհանեանի եւ Տիգրան Ձիթողցեանի գործերով

Screenshot

Screenshot

Հայ նորաձեւութեան բարձրացող անուններէն Արմինէ Օհանեան եւ ամերիկահայ արուեստագէտ Տիգրան Ձիթողցեան Փարիզի Նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին ներկայացուցին HAYELI-ի «Self Reflection» (Ինքնացոլացում) հաւաքածոն՝ հռչակաւոր «Փալէ տը Թոքիօ»-ի (Palais de Tokyo) մէջ կազմակերպուած ցուցադրութեան մը ընթացքին։

Այս համագործակցութիւնը լայն ընդգրկումով միաձուլեց բարձր նորաձեւութիւնն ու տեսողական արուեստը՝ Ձիթողցեանի գեղանկարները վերածելով կրելի նմուշներու, որոնք կը հիւսուին ինքնութեան, ընկալման եւ ներհայեցողութեան բնաբաններուն շուրջ։