Հարցախոյզ. Հայաստանի մէջ որո՞նք սպառնալիք կը համարուին եւ որո՞նք՝ վստահելի
Նոր հարցախոյզ. հայերը Ազերպայճանն ու Թուրքիան կը նկատեն գլխաւոր սպառնալիքներ. անվտանգութիւնը՝ առաջնահերթ մտահոգութիւն. բանակն ու եկեղեցին՝ ամէնէն վստահելի հաստատութիւնները. մեծամասնութիւնը տակաւին չի վստահիր որեւէ քաղաքական գործիչի
Համաձայն IRI-ի (Միջազգային հանրապետական հիմնարկ) նոր հարցախոյզին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մնայ Հայաստանի ամէնէն վստահելի քաղաքական դէմքը, իսկ իշխանութեան գլուխը գտնուող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ գլխաւոր ընտրական ուժը։ Միեւնոյն ժամանակ, հարցախոյզը ցոյց կու տայ լայն անվստահութիւն քաղաքական դասակարգին հանդէպ, շարունակական մտահոգութիւն ազգային անվտանգութեան եւ սահմանային հարցերու վերաբերեալ, տնտեսական խոր դժուարութիւններ ընտանիքներէն ներս, ցած վստահութիւն թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան նկատմամբ, Եւրոպական Միութեան համարկման աւելի ուժեղ աջակցութիւն եւ TRIPP-ի հռչակագրին շուրջ խիստ պառակտուած հասարակութիւն մը։
Հարցախոյզը կատարուած է «Պրիվիս» (Breavis) ընկերութեան կողմէ՝ Միջազգային հանրապետական հիմնարկի Հարցախոյզերու հետազօտութեան կեդրոնին անունով, 2026 Փետրուար 3-էն 13-ը երկարող ժամանակահատուածին՝ CATI-ի (համակարգչային դրութեան օժանդակութեամբ) միջոցաւ կատարուած հեռաձայնային հարցազրոյցներով։
Ազգային անվտանգութեան եւ սահմանային հարցերը կը մնան ամէնէն շատ յիշատակուող ազգային խնդիրը՝ 21 տոկոսով, որուն կը յաջորդեն տնտեսութիւնն ու գործազրկութիւնը՝ 18 տոկոսով, ապա կեանքի սղութիւնն ու բարձր գիները՝ 11 տոկոսով։ Այլ մտահոգութիւններու շարքին են ցած աշխատավարձերը՝ 9 տոկոս, ցած կենսաթոշակներն ու խաղաղութեան բացակայութիւնը՝ 8-ական տոկոս, աղքատութիւնը, դպրոցական պայմաններն ու կրթութեան որակը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը՝ 7-ական տոկոս, որոնց կը յաջորդեն սխալ արտաքին քաղաքականութիւնն ու առողջապահական հարցերը։
IRI-ի հարցախոյզը ցոյց կու տայ երկիր մը, որ նախկինէն քիչ մը աւելի լաւատես է, բայց տակաւին խորապէս չի վստահիր իր քաղաքական դասակարգին։ Փաշինեան կը մնայ ամէնէն վստահելի քաղաքական գործիչը, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը՝ առաջատար ընտրական ուժը, սակայն վստահութեան վերաբերեալ ամէնէն տարածուած պատասխանը տակաւին «ոչ մէկուն»-ն է, եւ ընտրողներու մեծ զանգուած մը կը մնայ չկողմնորոշուած կամ անտարբեր։ Ազգային անվտանգութեան եւ սահմանային հարցերը տակաւին կը գերիշխեն համապետական մակարդակի վրայ, բայց տնտեսական ճնշումը աւելի ծանր կը կշռէ ընտանեկան երդիքներու տակ։ Հասարակութիւնը դժգոհ է կառավարութենէն հիմնական հարցերու շուրջ, բայց համոզուած չէ, որ ընդդիմութիւնը աւելի լաւ պիտի գործէր։ Արտաքին քաղաքականութեան հարցով հայերը աստիճանաբար կը նախընտրեն բազմազան ուղեգիծ մը՝ Արեւմուտքի հետ աւելի սերտ կապերու զօրեղ աջակցութեամբ եւ ԵՄ-ի անդամակցութեան սկզբունքային լայն զօրակցութեամբ, մինչ TRIPP-ը կ՚առանձնանայ իբրեւ ամբողջ հարցախոյզին ամէնէն բեւեռացնող ու պառակտող հարցերէն մէկը։
