Փաշինեան շնորհաւորած է Մոճթապա Խամենէին՝ գերագոյն առաջնորդ ընտրուելուն առիթով

Մոճթապա

Մարտ 9-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իսլամական յեղափոխութեան նոր գերագոյն առաջնորդ Սայյէտ Մոճթապա Խամենէիին՝ այդ պաշտօնին ընտրուելուն առիթով։

«Կը շնորհաւորեմ ձեզ Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով։ Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ամուր կապերը պիտի շարունակեն զարգանալ՝ արձանագրելով նոր յաջողութիւններ։ Առիթը պատեհ նկատելով՝ Իրանի բարեկամ ժողովուրդին կը մաղթեմ բարօրութիւն եւ յարատեւ խաղաղութիւն»,– նշած է Փաշինեան իր ուղերձին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Ալի Խամենէիի սպանութենէն աւելի քան շաբաթ մը ետք, Իրանի Փորձագէտներու խորհուրդը առջի օր երկրի նոր գերագոյն առաջնորդ ընտրած էր անոր որդին՝ Մոճթապա Խամենէին։

Իրանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ հոգեւոր առաջնորդին կը փոխարինէ անոր որդին։ Այս պաշտօնին վրայ ան պիտի ունենայ վերջնական խօսքի իրաւունք քաղաքական եւ ռազմական բոլոր հարցերուն մէջ։