ՕԹԱՆ-ի ուժերը խոցած են Թուրքիոյ օդային տարածք մուտք գործած իրանեան հրթիռ մը

Ձգաբանական

ՕԹԱՆ-ի ուժերը խոցած են իրանեան ձգաբանական (պալիսթիք) հրթիռ մը, որ մուտք գործած էր Թուրքիոյ օդային տարածք։ Լուրը կը հաղորդէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Մարտ 4-ին արդէն Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, թէ Իրանէն արձակուած ձգաբանական հրթիռ մը, որ անցած էր Սուրիոյ եւ Իրաքի վրայէն ուղղուելով դէպի թրքական օդային տարածք, ոչնչացուած է ՕԹԱՆ-ի հակաօդային եւ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ։

Այս դէպքէն ետք, Անգարայի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամմատ Հասան Հապիպուլլահ կանչուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բացատրութիւն պահանջուած է Իրանէն դէպի Թուրքիա արձակուած Ձգաբանական հրթիռին վերաբերեալ։

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներուն համաձայն, Իրանի դեսպանին պաշտօնապէս փոխանցուած են Անգարայի «դժգոհութիւնն ու մտահոգութիւնները» այս պատահարին գծով։