Մաքրոն. «Կիպրոսի վրայ յարձակումը յարձակում է ամբողջ Եւրոպայի վրայ»

Մաքրոն

Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Մարտ 9-ին ժամանած է Կիպրոս՝ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան պատճառով կղզիի անվտանգութեան շուրջ ստեղծուած մտահոգութիւններու ենթախորքին վրայ։

Հոն ան հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահ Նիքոս Քրիստոտուլիտէսի եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։

Ֆրանսայի ղեկավարը նշած է, թէ Կիպրոսի վրայ յարձակումը յարձակում է ամբողջ Եւրոպայի վրայ։ 

Նշենք, որ Մարտ 2-ին Կիպրոսի Աքրոթիրիի բրիտանական ռազմակայանը ենթարկուած էր անօդաչու սարքի յարձակումի մը, որուն հետեւանքով նիւթական վնաս արձանագրուած էր։ Այս միջադէպէն ետք, եւրոպական քանի մը երկիրներ յայտարարած են Կիպրոս ռազմանաւեր ուղարկելու մասին՝ կղզին պաշտպանելու նպատակով։

Նախապէս, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած էր իր երկրին առնչութիւնը Կիպրոսի մէջ բրիտանական ռազմակայանի վրայ կատարուած յարձակումին հետ։

Կիպրոսի նախագահ Քրիստոտուլիտէսն ալ յայտարարած է, թէ երկիրը պիտի չներքաշուի Իրանի շուրջ հակամարտութեան հետ կապուած որեւէ ռազմական գործողութեան մէջ, այլ պիտի կեդրոնանայ իր մարդասիրական դերին վրայ։

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի մէջ Մաքրոն նաեւ յայտարարած է Կարմիր ծով երկու մարտանաւ ուղարկելու մասին՝ իբրեւ Եւրոպական Միութեան 2024 թուականին սկսած «Վահաններ» գործողութեան մէկ մասը, որուն առաքելութիւնն էր Կարմիր ծովուն մէջ միջազգային նաւագնացութեան պաշտպանութիւնը եմէնեան հութիներու յարձակումներէն։

“Մենք զուտ պաշտպանական, զուտ ուղեկցող առաքելութիւն մը ստեղծելու հոլովոյթին մէջ ենք, որ պէտք է պատրաստուի թէ՛ եւրոպական, թէ՛ ալ ոչ-եւրոպական երկիրներու հետ համատեղ”,– ըսած է Մաքրոն։