Ազերպայճան կը շարունակէ ցեղասպանութեան մասին պնդումները

ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է ցեղասպանութեան մասին Ազերպայճանի պնդումներուն

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) կ՚արձանագրէ, որ հակառակ անցեալ Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած Խաղաղութեան պայմանագիրին եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն՝ Ազերպայճանի մէջ կը շարունակեն շրջիլ թշնամական եւ ոչ-հաւաստի մեղադրանքներ, այն ալ՝ պետական մակարդակով։ Երեւանը, սակայն, ոչ թէ դատապարտած է զանոնք, այլ յոյս յայտնած է, որ կողմերուն միջեւ «հաստատուած խաղաղութիւնը վերջ պիտի դնէ ասոր»։

“Տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող հակամարտութեան ընթացքին ձեւաւորուած են շարք մը թշնամական, ոչ-հաւաստի պատումներ, որոնք ցաւօք Ազերպայճանի մէջ դեռ կը շարունակուին օգտագործուիլ նաեւ պետական մակարդակով”,– «Արմէնփրէս»-ին ըսած է Հայաստանի ԱԳՆ-ի բանբեր Անի Բադալեան՝ աւելցնելով. “Կը յուսանք, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը ոչ միայն պիտի ծառայէ երկու պետութիւններուն եւ հասարակութիւններուն միջեւ կայուն խաղաղ համակեցութեան ու բարիդրացիական յարաբերութիւններու ձեւաւորման, այլեւ վերջ պիտի դնէ մտացածին թեզերու գոյութեան եւ բացառէ ատելութեան խօսքը”:

Նշենք, որ նախապէս Ազերպայճանի ԱԳՆ-ի կողմէ հրապարակուած  հաղորդագրութեան մը մէջ կը պնդուէր, թէ «1918-ին հայկական խմբաւորումները ցեղասպանութիւն գործած են ազերի ժողովուրդին նկատմամբ»։ Ազերպայճանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Սապինա Ալիեւան ալ միջազգային կազմակերպութիւններէն եւ ՄԱԿ-էն պահանջած էր «հայերուն կողմէ ազերիներու դէմ կատարուած այդ ցեղային զտումները» ճանչնալ որպէս ցեղասպանութիւն։

Ազերպայճանի՝ իրարու յաջորդող այս յայտարարութիւնները կը հնչեն Հայաստանի վարչապետին վերջին ելոյթներուն լոյսին տակ, ուր ան կը շեշտէր պատմական արդարութեան մասին բանավէճը փակելու անհրաժեշտութիւնը՝ յանուն խաղաղութեան։ “Բաւարար է արդէն մեր ժողովուրդը սնուցանենք նոր ցեղասպանութիւններու մասին տուեալներով։ Այդ ամէն ինչը կը հետապնդէ մէկ նպատակ՝ Հայաստանի ժողովուրդին, ներառեալ՝ Ղարաբաղի ժողովուրդին թոյլ չտալ, որ խաղաղի, զայն պահել պանդուխտի եւ գաղթականի կարգավիճակով”,– անցեալ շաբաթ յայտարարած էր Փաշինեան: