Իսրայէլեան հարուածներէն Պէյրութի մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ կան 

Իսրայէլեան հարուած

Լիբանանի մէջ զոհերուն թիւը գերազանցած է 1300-ը

Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Պէյրութի մէջ, Ապրիլ 1-ին, Իսրայէլի հասցուցած երկու հարուածներուն զոհ գացած է առնուազն եօթը հոգի, իսկ 24 ուրիշներ ալ վիրաւորուած են։ Յարձակումները թիրախաւորած են Պէյրութի հարաւային արուարձաններն ու մայրաքաղաքէն քիչ մը հարաւ գտնուող կառքեր։ Իսրայէլի զինեալ ուժերը յայտարարած են, թէ այդ երկու առանձին հարուածներով թիրախաւորած են «Հըզպալլահ»-ի աւագ հրամանատար մը եւ խմբաւորման այլ բարձրաստիճան անդամ մը, սակայն անուններ չեն յայտնած եւ չեն ճշդած՝ արդեօք անոնք սպանուա՞ծ են, թէ՞ ոչ։ «Հըզպալլահ»-ը առայժմ չէ մեկնաբանած հարուածները:

Նշենք, որ Լիբանան Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմին մէջ ներքաշուեցաւ Մարտ 2-ին, երբ Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող «Հըզպալլահ»-ը յարձակեցաւ Իսրայէլի վրայ՝ ի պատասխան իսրայէլեան եւ ամերիկեան օդային հարուածներուն հետեւանքով Իրանի գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Խամենէիի սպանութեան։ «Հըզպալլահ»-ի յարձակումը յանգեցուց Իսրայէլի ցամաքային եւ օդային յարձակումներու նոր ալիքին։

Միւս կողմէ, Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ Մարտ 2-էն ի վեր սկսած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհերուն թիւը գերազանցած է 1300-ը. սպանուած է Լիբանանի 1318 քաղաքացի, որոնցմէ 125-ը՝ մանուկ, իսկ 91-ը՝ կին։ Ըստ Նախարարութեան՝ զոհերուն շարքին կան առողջապահական մարզի 53 աշխատակիցներ: Իսրայէլեան հարուածներուն պատճառով վիրաւորներուն ընդհանուր թիւը ներկայիս կը մօտենայ 4 հազարի։