Հայաստան – Տարանցիկ թռիչքներու կտրուկ աճ

Օդային տարածք

Տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն հետեւանքով՝ կտրուկ աճ արձանագրուած է Հայաստանի օդային տարածքով կատարուող տարանցիկ թռիչքներուն մէջ

Տարածաշրջանին մէջ ընթացող հակամարտութիւններուն պատճառով, զգալիօրէն աւելցած է Հայաստանի օդային տարածքը որպէս տարանցիկ ճամբայ գործածող թռիչքներուն թիւը։ Հայաստանի Քաղաքացիական օդանաւորդութեան յանձնախումբի տուեալներուն համաձայն՝ Մարտ 1-էն 19 երկարող ժամանակաշրջանին, երկրի օդային տարածքէն օգտուած է 5068 թռիչք։

Ամենամեծ աճը արձանագրուած է Մարտի առաջին տասնօրեային, որմէ ետք թռիչքներուն քանակը աստիճանաբար սկսած է վերադառնալ իր բնականոն հունին։

«Տարանցիկ թռիչքներու օդային նաւարկութեան ծառայութիւններուն համար գանձուող վճարին չափը կ՚որոշուի թռիչքի պահուն օդանաւի առաւելագոյն ծանրութեամբ, թռիչքի հեռաւորութեամբ, «Եւրոքոնթրոլ» (Eurocontrol) միջազգային կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած եւ կողմերու համաձայնութեան արժանացած գործակիցին միջոցով»,– կը յայտնէ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան յանձնախումբը՝ աւելցնելով. «2026-ի Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքով կատարուած իւրաքանչիւր տարանցիկ թռիչքի համար գանձուած է միջին հաշուով 83 եւրօ»։