ՖՐԱՆՍԱ – Խորհրդաւոր խորհրդաժողով մը
Բոլորովին դիպուածով, անուղղակի ճամբով տեղեկացանք, թէ Փարիզի մէջ, Ապրիլ 11-12-ին տեղի պիտի ունենայ հաւաք մը, որ կը կրէ «Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով» ամբողջական անուանումը։ Լուրին ծանօթացանք Դիմագիրքի «ԱՅԲ- Էֆ.Էմ.»-ի էջէն։
Ինչպէս նշած ենք լրատւութեան խորագրին մէջ իսկ, այս նախաձեռնութիւնը օժտուած է խորհրդաւոր որակուելու բոլոր յատկանիշերով։ Նոյնիսկ եթէ զանց առնենք մեր թերթը նման ծրագրի մասին որեւէ ձեւով չտեղեկացնելու հանգամանքը (անկասկած՝ չենք յաջողած նուաճել կազմակերպիչներու՝ արժեչափի նուազագոյն նշաձողը), կան բազմաթիւ այլ կէտեր որոնք լուրջ հարցադրումներ կը յառաջացնեն։
Նախ, ուշագրաւ է նման «կարեւոր» իրադարձութեան մը պաշտօնական յայտարարութիւնը խորհրդաժողովէն հազիւ չորս օր առաջ կատարելու հանգամանքը։
Ապա կայ աւելի հետաքրքրականը։ Յայտարարութեան մէջ ո՛չ մէկ անուն նշուած է. ո՛չ յայտնի է, թէ ովքե՞ր են կազմակերպիչները, ո՛չ ալ յայտնի է մասնակիցներուն ովքեր ըլլալը: Նոյնպէս՝ չեն հրապարակուած զեկուցումներու նիւթերը, նոյնիսկ յայտնի չէ, թէ Փարիզի ո՞ր վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ խնդրոյ առարկայ խորհրդաժողովը։ Չկայ նաեւ որեւէ կայքէջի յղում, ուրկէ թերեւս կարենայինք քաղել յաւելեալ տեղեկութիւններ. տրամադրուած է միայն ել-նամակի հասցէ մը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը՝ նոյնութեամբ.

Մամուլի հաղորդագրութիւն
7 Ապրիլ 2026
Փարիզի մէջ Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողով՝ նուիրուած ազգային ներկայ մարտահրաւէրներուն
ՓԱՐԻԶ.- 2026-ի Ապրիլ 11-12ին, Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով մը, որ կը միտի դիմագրաւելու վերջին տարիներուն հայկական աշխարհը ցնցած աննախընթաց տագնապները։
2018-էն ասդին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ հայկական շահերէ հրաժարումը՝ Ցեղասպանութեան եւ Արցախի թղթածրարներէն յետ կանգնիլը (որուն արդիւնքը եղաւ Արցախի բռնի հայաթափումը), հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքները եւ ազգային հաստատութիւններու դէմ կատարուող յարձակումները աննախընթաց օրհասական իրադրութիւն ստեղծած են ամբողջ հայկական աշխարհին համար։
Կայանալիք խորհրդաժողովին նպատակն է հաւաքաբար քննարկել իրավիճակը, զօրաշարժի ենթարկել Սփիւռքը, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեւաւորել միասնական ու նպատակաուղղուած կեցուածք՝ ի պաշտպանութիւն եւ հզօրացում Հայաստանի պետութեան, հայկական սփիւռքին եւ առհասարակ հայկական շահերուն եւ Հայ Դատին։
Խորհրդաժողովը պիտի համախմբէ աւելի քան 25 երկիրներէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ համայնքային առաջնորդներ, կազմակերպութեանց պատասխանատուներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, գործարարներ եւ երիտասարդներ։
Օրակարգի առանցքային կէտերն են.
Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ եւ քաղաքական օրակարգը։
Ազգային արժէքներու եւ Հայց. Եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման առումով. նոր իրավիճակի մարտահրաւէրներ։
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցեր եւ հորիզոններ, Սփիւռքը իբրեւ հայկական աշխարհի փափուկ ուժի բաղադրամաս։
Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում՝ յանուն համահայկական նպատակներու։
Խորհրդաժողովը պիտի աւարտի աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած կոչ-յայտարարութեամբ, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական, համայնքային եւ այլ նախաձեռնութիւններ։
Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովի համադրող կազմ
