Հայաստան կը պատրաստուի ընդունելու Կազայէն՝ տուժած երեխաներ

Screenshot

Screenshot

«Հետք».- Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել Կազայի պատերազմական գործողութիւններէն տուժած երեխաներու բժշկական օգնութիւնն ու խնամքը։

Այս նախաձեռնութեան մասին առաջին անգամ յայտարարուած էր 2026 Յունուար 29-ին՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բաց քննարկման ընթացքին։ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Ժիրայր Անանեան նշած էր, որ կառավարութիւնը կ՚աշխատի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) հետ՝ «Կազայէն տասնեակ երեխաներու բուժումը Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կազմակերպելու նպատակով»։

Արտաքին գործոց նախարարութենէն «Հետք»-ի հարցումին ի պատասխան պարզաբանած են, որ նախաձեռնութիւնը հիմնուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման հաւատարիմ մնալու սկզբունքին վրայ եւ կ՚իրականացուի ԱՀԿ-ի ու Պաղեստինի իշխանութիւններուն հետ սերտ համագործակցութեամբ։ Նախարարութեան համաձայն՝ ներկայիս շահագրգիռ կողմերուն հետ աշխատանքներ կը տարուին «բուժման կարիք ունեցող երեխաներու շրջանակը յստակացնելու, անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ապահովման, Հայաստան փոխադրման եւ համապատասխան բուժումը կազմակերպելու ուղղութեամբ»։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը ԱՀԿ-էն արդէն ստացած է 40 երեխայի եւ անոնց ուղեկցողներուն բժշկական տեղեկանքներն ու անձը հաստատող փաստաթուղթերը։ Ստացուած տուեալներուն հիման վրայ, ոլորտի մասնագէտները այժմ կ՚իրականացնեն երեխաներու առողջական վիճակի գնահատումը՝ որոշելու համար Հայաստանի մէջ զանոնք բուժելու կարելիութիւնները։ Նախարարութիւնը կը նշէ, թէ «վիճակի գնահատումէն ետք մասնագէտները պիտի ընտրեն մօտ մէկ տասնեակ երեխաներ, որոնց բուժումը կարելի պիտի ըլլայ կազմակերպել Հայաստանի մէջ»։ Իսկ բժշկական հաստատութիւններու ընտրութիւնը պիտի կատարուի «բացառապէս ըստ հիւանդներու առողջական կարիքներուն՝ ներկայացուած փաստաթուղթերու մանրակրկիտ ուսումնասիրութենէն ետք»։

Բժշկական օգնութենէն բացի, այս գործընթացը կ՚ընդգրկէ նաեւ կազմակերպչական եւ իրաւական հարցեր, ինչպէս՝ մուտքի արտօնագրերու տրամադրումը եւ բժշկական տարհանումը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն՝ աշխատանքներ կը տարուին «երեխաները իրենց ուղեկցողներով հանդերձ բժշկական նպատակով Հայաստան տարհանելու ուղղութեամբ», իսկ տեղափոխման թուականներուն եւ գանձատրման վերաբերեալ քննարկումները տակաւին կը շարունակուին։