Առաջին «Թումօ» կեդրոնը՝ Ուրուկուայի մէջ

Screenshot

Screenshot

«Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը ընդլայնած է իր համաշխարհային ներկայութիւնը՝ բանալով իր առաջին ուսումնական կեդրոնը Ուրուկուայի մէջ. սա նոր քայլ մըն է իր նորարարական կրթական բնատիպը Հայաստանի սահմաններէն դուրս եւ դէպի Լատինական Ամերիկա տարածելու ուղղութեամբ:

Նոր կեդրոնը պաշտօնապէս բացուած է Ուրուկուայի նախագահ Եամանտու Օրսիի, ինչպէս նաեւ պետական եւ շրջանային իշխանութիւններու ներկայութեամբ: Հաստատութիւնը կը գտնուի Գարասքօ (Carrasco) միջազգային օդակայանի մուտքին՝ տեղակայուելով խիստ տեսանելի եւ հասանելի վայրի մը մէջ: