Երեւանի մէջ ստեղծուած առաջին «բաց աշխարհով» վիտէօ-խաղը

Վիտէօ խաղ

Հայկական խաղային մեծ ծրագիր մը մշակման փուլին մէջ է. ան կ՚ընթանայ Երեւան եւ բաց աշխարհով (open-world – Երեւանի մէջ տեղի ունեցող, ուրխաղացողը կրնայ ազատօրէն շրջիլ քաղաքին մէջ) առաջին վիտէօ-խաղն է։ Գլխաւոր դերը կը կատարէ ռափ երգիչ Միշօն: Ծրագրին արտադրիչը Ռաֆայէլ Թադէոսեանն է, իսկ հրապարակումը նախատեսուած է 2026 Դեկտեմբերին:

Խաղը պիտի ներկայացնէ Երեւանի գրեթէ ամբողջական վերարտադրութիւնը՝ խաղացողներուն կարելիութիւնն ընձեռելով ազատօրէն շրջելու փողոցները, հաղորդակցելու կերպարներուն հետ եւ ազդելու պատմութեան ընթացքին վրայ: Նիւթը կը կեդրոնանայ Արթուր անունով գլխաւոր հերոսին վրայ, որ կը փորձէ բարելաւել իր կեանքը:

Ծրագիրը կը համատեղէ ազատ ձեւաչափով խաղային փորձառութիւնը, իրատեսական վարորդութիւնը, ոչ-խաղացող կերպարներով (NPC) բնակուած աշխուժ քաղաքային աշխարհը եւ ինքնատիպ երաժշտութիւնը: Մշակողները կը յայտնեն, որ առաջին կարճ տեսահոլովակը (teaser) լոյս պիտի տեսնէ ի մօտոյ: