Իրանի Պուշեհրի հիւլէակայանէն տարհանուած «Ռոսաթոմ»-ի 94 աշխատակիցներ Հայաստանի վրայով վերադարձած են Ռուսաստան
Պուշէհրի հիւլէական ելեկտրակայանը, որ կառուցուցած է ռուսական «Ռոսաթոմ»-ի կողմէ
Ապրիլ 15-ին աւարտած է Իրանի հարաւը՝ Պարսից ծոցի ափին գտնուող Պուշեհրի հիւլէական ելեկտրակայանի ռուսաստանցի աշխատակիցներու տարհանման վերջին փուլը, որուն ծիրէն ներս Ռուսաստանի 94 քաղաքացիներ Հայաստանի վրայով վերադարձած են հայրենիք։
Նկատի ունենալով Իրանի դէմ մղուող պատերազմն ու երկրին մէջ ստեղծուած ռազմական վտանգաւոր կացութիւնը՝ ռուսական պետական «Ռոսաթոմ» ընկերութիւնը, որ կառուցած է եւ կը սպասարկէ Իրանի այս հիւլէակայանը, անվտանգութեան խիստ նկատառումներով որոշած է երկրէն դուրս բերել իր անձնակազմը։
Տարհանուած աշխատակիցները Իրանէն Հայաստան մուտք գործած են ցամաքային ճամբով՝ կտրելով Նուրտուզ-Ագարակ սահմանային անցակէտը։ Ապա անոնք Երեւանէն յատուկ թռիչքով մեկնած են Մոսկուա։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ռուսաստանի քաղաքացիներուն հետ միասին Իրանէն տարհանուած են Պելառուսի քաղաքացիներ եւս։
Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ «Ռոսաթոմ» պետական հիմնարկութեան աշխատակիցներուն անվտանգ եւ յարմարաւէտ տեղափոխումը կազմակերպելու գործին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան եւ արագ արձագանգին համար։
Նշենք, որ Փետրուար 28-էն ի վեր, երբ սկսան Իրանի դէմ իսրայէլա-ամերիկեան յարձակումները, Հայաստանի վրայով տարհանուած է 46 պետութեան շուրջ 1.000 քաղաքաքի։
