Հողին վրէժը
Այս օրերուն հետաքրքրական տեսանիւթ մը կը շրջի ընկերային ցանցերու վրայ։ Նկարահանողը ցոյց կու տայ Արցախի լեռնային ճամբայ մը, որ ամբողջովին նորոգուած ու կպրապատուած է։ Միայն թէ զարմանալիօրէն՝ այսքան նորակառոյց ճամբան կը պարզէ այնպիսի խղճալի պատկեր մը, որ կարծէք տասնամեակներէ ի վեր լքուեր է, ենթարկուեր է բնութեան ամէն տեսակ արհաւիրքի։ Տեսարանին կը տիրապետեն ճամբու բոլորովին կքած մասեր, փոսեր, հսկայական ճեղքեր…։
Կէս մը հաւատալով, կէս մըն ալ անարդարութեան անամոք մորմոքէն մղուած՝ պիտի եզրակացնենք, թէ սա մեր հողին վրէժն է։ Է՜, ի զուր չէ, որ ըսուեր «Մենք ենք մեր սարերը»։ Եթէ մարդը եւ իր հազարամեայ հողը բռնութեամբ բաժնես իրարմէ…։
