Պաքու Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը «մնայուն խաղաղութեան գրաւական» կը նկատէ
Չեխական հեռատեսիլի կայանի մը տուած հարցազրոյցին՝ Ազերպայճանի նախագահի յատուկ բանագնաց Էլչին Ամիրպայով յայտարարած է, թէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը մնայուն եւ անդառնալի խաղաղութեան գրաւական է։
Անոր համոզումով՝ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ նոր Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէին արդիւնքները վճռորոշ դեր պիտի խաղան երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման եւ, հետեւաբար, տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման հոլովոյթին մէջ:
