Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի հարցերու լիազօր նախարարին հանդիպումները Երեւանի մէջ
Կիզակէտին՝ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններն ու յառաջիկայ վեհաժողովը
Ապրիլ 14-ին պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած է Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի հարցերու լիազօր նախարար Պենժամէն Հատտատ: Այցելութեան ծիրէն ներս ֆրանսացի պաշտօնատարը շարք մը բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի պետական ղեկավարութեան հետ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգն ու բազմոլորտ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Յատուկ անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն։ Կողմերը ընդգծած են աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։

Օրուան գլխաւոր նիւթերէն եղած է նաեւ յառաջիկային Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքը, որ արծարծուած է նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքին։ Այս քննարկման մասնակցած են Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան, Պենժամէն Հատտատ եւ Լիթուանիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար Օտրա Փլեփիթէ։ Ֆրանսայի եւ Լիթուանիոյ ներկայացուցիչները վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը Հայաստանի եւրոպական ձգտումներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են օժանդակելու վեհաժողովի լաւագոյնս իրականացման։ Եռակողմ հանդիպման օրակարգը ընդգրկած է նաեւ ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարին եւ Հայաստան-ԵՄ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերող հարցեր։

Բացի քաղաքական օրակարգէն, ֆրանսացի նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է նաեւ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը գոհունակութեամբ ընդգծած են երկու երկիրներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական եւ բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւնները՝ զանոնք նկատելով ամուր հիմք արհեստագիտական եւ տնտեսական ոլորտներէն ներս նոր նախաձեռնութիւններ իրագործելու համար։
