Եկեղեցի մը եւս քանդուած է բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի մէջ
Համաձայն իրարու համապատասխանող շարք մը աղբիւրներու եւ Ինսթակրամի վրայ տեղադրուած լուսանկարի մը, Արցախը բռնագրաւած իշխանութիւնները հաւանաբար Ապրիլ 10-ին կամ 11-ին հիմնայատակ քանդած են Ստեփանակերտի Մծբնայ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին։


Սրբավայրին հիմնարկէքը կատարուած էր 2005 Սեպտեմբերին, իսկ օծումը՝ 2007 Մայիս 6-ին։ Անոր շինարարութիւնը հովանաւորուած էր ամերիկահայ Ներսէս Երեմեանի կողմէ՝ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ զաւկին՝ Յակոբին։



Սա ապացոյց մը եւս է, որ Ազերպայճան կը պահպանէ հայկական ներկայութիւնը արմատախիլ ընելու իր գաղափարախօսական ուղեգիծը այն տարածաշրջանին մէջ, զոր ամբողջութեամբ բռնագրաւած է 2023 Սեպտեմբերէն ի վեր։ Ըստ երեւոյթին, հակառակ Հայաստանի հետ խաղաղութեան հաստատման միտող իր շինծու խօսոյթին, այս երկիրը կը շարունակէ հայկական ժառանգութեան ոչնչացման իր քաղաքականութիւնը։ Մեխակաւանի Սուրբ Աստուածածին, Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ), Մոխրենեսի Սուրբ Սարգիս, Աղաւնոյի Սրբոց Նահատակաց եւ Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցիներէն ետք, Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւս ինկաւ բարբարոսներու հարուածներուն տակ։ Կարելի չէ չմտահոգուիլ այն շուրջ տասնհինգ եկեղեցիներու ճակատագրով, որոնք հայերու կողմէ կառուցուած են 1988-էն՝ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին կողմէ Արցախի թեմին վերահաստատումէն ի վեր՝ մինչեւ 2020 թուականը։
Միւս բոլոր սրբավայրերը, յատկապէս անոնք, որոնք կը պատկանին միջնադարեան ժամանակաշրջանին, ազերիներու կողմէ տարածաշրջանի բռնագրաւումէն ի վեր կ՚ենթարկուին պատմութեան նենգափոխման եւ ժառանգութեան իւրացման՝ անոնց վերագրելով «աղուանական» ծագում, նոյնիսկ այնպիսի վայրերու մէջ, ուր երբեք որեւէ «աղուան» չէ տեսնուած։
Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանիի մայր տաճարի ճակատագիրը անորոշ է։ Քիչ հաւանական է, որ ան մզկիթի վերածուի՝ իր ուժեղ «խորհրդանշական արժէք»-ին պատճառով։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս նոր «Խանքենտի»-ի [Ստեփանակերտի] սրտին մէջ, նոյնիսկ մզկիթի վերածուած վիճակով, պահպանել քաղաքի հայկական անցեալի այսքան խօսուն հետք մը։ Լաւագոյն պարագային ան կրնայ վերածուիլ «թանգարանի» մը, ուր պիտի ցուցադրուին «հայերու բարբարոսութեան» ապացոյցներ, օրինակ՝ Խոճալուի մէջ։ Սակայն աւելի հաւանական է, որ այս սրբավայրը եւս հիմնայատակ քանդուի՝ խորհրդարանի շէնքին նման։
Այս երկու կառոյցներուն խորհրդանշական իմաստը չափազանց զօրաւոր է, որպէսզի Պաքուի խանը հանդուրժէ անոնց տեսքը։
Եթէ հանգամանքները ներէին, յարմարցնելով մեծն Մոլիէռի խօսքերը, կրնայինք ըսել. «Ծածկեցէ՛ք սա սուրբերը, զորս չենք ուզեր տեսնել…» (« Cachez ces saints que nous ne saurions voir … »)։
ՎԿԱՅ
