Ապրիլեան ոգեկոչում՝ Պանեօյի մէջ
Ապրիլ 15-ին Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ փարիզեան արուարձաններէն Պանեէօյի մէջ՝ «Կիրովական հանրապարտէզ»-ին մէջ տեղադրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին առջեւ:

Ծաղկեպսակներ զետեղեցին Պանեէօյի քաղաքապետ Հելէն Սիլիէռը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Գայիանէ Մանուկեանը, Հօ-տը-Սէն նահանգի, Պանեէօյի քաղաքային խորհուրդի անդամները, հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչները:

Ելոթներով հանդէս եկան քաղաքապետ Հելէն Սիլիէռն ու դեսպանութեան խորհրդական Գայիանէ Մանուկեանը։

