Էդուարդ Ասրեան ներկայ գտնուած է «Օրիոն 26» ռազմափորձերուն

Ասրեան-1

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Սպայակոյտի պետ, զօրավար-տեղակալ Էդուարդ Ասրեան մասնակցած է Ֆրանսայի բանակի «Օրիոն 26» ռազմափորձերու ամփոփիչ փուլի՝ բարձրաստիճան հիւրերու օրուան ձեռնարկներուն։

Այցելութեան ծիրէն ներս, Էդուարդ Ասրեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Սպայակոյտի պետ, զօրավար Ֆապիէն Մանտոնի հետ։ Քննարկուած են երկկողմանի գործակցութեան եւ անոր զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։

Ձեռնարկի ընթացքին Հայաստանի Սպայակոյտի պետը ոչ-պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է նաեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակցային միացեալ ուժերու հրամանատար զօրավար Ինկօ Կերհարցի եւ Ֆրանսայի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Փիէր Շիլի հետ։