Արման Խաչատրեան ընդունած է եւրոպացի երիտասարդ դեսպաններ

Երիտասարդ դեսպաններ

Ապրիլ 17-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է «Երիտասարդ եւրոպական դեսպաններ» նախաձեռնութեան անդամներուն հետ։

Հանդիպման ընթացքին դեսպանը անդրադարձած է Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական յարաբերութիւններու պատմական հիմքերուն, արդի զարգացումներուն եւ երկկողմանի ընդգրկուն օրակարգի խորացման հեռանկարներուն։ Ան խօսած է նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան մասին՝ ընդգծելով, որ քանի մը ամիս առաջ կողմերը ընդունած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական նոր օրակարգ մը, որ յաւելեալ թափ կը հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի մէջ իրագործուող բարեփոխումներու շարունակականութեան։

Զրոյցի ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած են նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գործունէութիւնն ու առօրեայ դիւանագիտական աշխատանքի իւրայատկութիւնները։ Աւարտին, երիտասարդ մասնակիցները առիթ ունեցած են հարցումներ ուղղելու դեսպանին՝ յատկապէս հետաքրքրուելով Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններով, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներով։