Ռուսաստան կը ջանայ Արցախի ցեղային զտման իր աջակցութեան պտուղները քաղել
Ռուսաստանի փոխվարչապետ եւ Փութինի աջ բազուկը նկատուող Ալեքսէյ Օվերչուք, ազերպայճանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, թէ իրենք կը քաջալերեն ռուսական ընկերութիւնները՝ մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) մէջ կատարուող ներդրումներուն:
Ազերպայճանա-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին Օվերչուք նշած է. “Մենք կը քաջալերենք ռուսական գործարար շրջանակները աշխուժօրէն մասնակցելու այստեղ [Արցախի մէջ] իրագործուող զարգացման ծրագրերուն: Յատկապէս ստեղծուած բարենպաստ ներդրումային միջավայրը լայն կարելիութիւններ կ՚ընձեռէ նման համագործակցութեան համար”:
Այնուհետեւ Օվերչուք թուարկած է շրջանին մէջ ռուսական ընկերութիւններու յաջող գործունէութեան օրինակներ: Ըստ անոր, կարեւոր կապեր հաստատուած են Ճապրայիլի եւ Ս. Փեթերսպուրկի միջեւ:
Ռուսաստան նաեւ կ՚օգնէ Ազերպայճանին երկրին զանազան շրջաններուն մէջ դպրոցներ կառուցելու հարցով, որպէսզի վերաշարադրուի տարածաշրջանին պատմութիւնը եւ աջակցութիւն ցուցաբերուի որոշ քաղաքներու մէջ ազերպայճանցիներու վերաբնակեցման: Մասնաւորապէս, միջմարզային համագործակցութեան ծիրէն ներս, Ռուսաստանի Ասթրախանի նահանգի գանձատրմամբ մանկապարտէզներ կը կառուցուին Զանգելանի (Կովսական) շրջանի գիւղերուն մէջ:
