Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքը երեք ամիս եւս երկարաձգուած է
Հակակոռուպցիոն դատարանը (Եղծանման դէմ պայքարի դատարանը) երեք ամիս երկարաձգած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքը՝ ընդառաջելով դատախազին դիմումին եւ մերժելով պաշտպանական կողմին պահանջը։ Բայց եւ այնպէս, դատարանը արտօնած է, որ ան հարցազրոյցներ տայ։
«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ղեկավարը կը մեղադրուի ապօրինի ծագում ունեցող միջոցներու օրինականացման եւ իշխանութիւնը բռնի գրաւելու հրապարակային կոչ ընելու յանցանքով (վերջինս կապուած է Հայ առաքելական եկեղեցին «մեր ձեւով» պաշտպանելու անոր յայտարարութեան հետ)։
Փաստաբան Արամ Վարդեւանեան դատարանէն պահանջած էր ազատ արձակել 60-ամեայ գործարարը, որպէսզի ան կարենայ գալ շաբաթ մասնակցիլ իր կուսակցութեան համագումարին։ Պաշտպանական կողմը շեշտած է, որ Կարապետեան նախապէս 4 միլիառ դրամ վճարած է, անցնող 10 ամիսներուն անթերի վարքագիծ դրսեւորած է, եւ անոր խօսքերուն մէջ վտանգաւոր ոչինչ կար։
Դատախազ Արգամ Դալլաքեան, սակայն, հակադարձած է՝ նշելով որ պաշտպանական կողմը նոր փաստեր չէ ներկայացուցած։ Ան պնդած է, որ տակաւին կան չհարցաքննուած վկաներ, եւ Կարապետեանի ազատ արձակումը կրնայ գործի քննութեան խոչընդոտելու կամ վկաներուն վրայ ճնշում բանեցնելու վտանգ յառաջացնել:
