Արշիլ Կորքիի բնօրինակ մէկ գործը կը վերադառնայ Հայրենիք

Կորքի

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ Արշիլ Կորքիի բնօրինակ մէկ գործը կը վերադառնայ Հայաստան

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ Արշիլ Կորքիի բնօրինակ ստեղծագործութիւններէն մէկը վերադարձած է հայրենիք՝ Հայաստան:

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է «Արշիլ Կորքի. Նիւ Եորք – Երեւան. Նոր ձեռքբերում» ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած է 1944-ի շուրջ ստեղծուած «Անվերնագիր» գունամատիտով (pastel) գծագրութիւնը: Այս գործը Հայաստանի կառավարութիւնը գնած է 2026-ին՝ “Sotheby’s” աճուրդէն, վերջ դնելով իր հայրենիքին մէջ վարպետին գործերուն տասնամեակներ տեւած բացակայութեան:

Ստեղծագործութիւնը կը ցոլացնէ Կորքիի հասուն արուեստի լեզուն ներշնչուած՝ յիշողութենէն եւ կարօտէն: Ցուցահանդէսին մէջ ան երկխօսութեան մէջ կը մտնէ հայ յառաջապահ (avant-garde) արուեստագէտներու՝ Վիգէն Թադեւոսեանի, Ռուբէն Ադալեանի, Բագրատ Գրիգորեանի, Հենրիկ Էլիբէկեանի եւ Սէյրան Խաթլամաճեանի գործերուն հետ. արուեստագէտներ, որոնց համար Կորքին կամուրջ մըն էր հայկական ժառանգութեան եւ ամերիկեան արդիապաշտութեան միջեւ:

Արեւմտեան Հայաստանի Վան քաղաքին մէջ ծնած Ոստանիկ Ադոյեանը (Արշիլ Կորքին) վերապրած է Ցեղասպանութենէն, գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ դարձած՝ վերացական արտայայտչապաշտութեան հիմնադիր դէմքերէն մէկը: Անոր որեւէ մէկ գործը բնաւ չէր ցուցադրուած Հայաստանի մէջ… մինչեւ այսօր:

Ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան համար: