Քայա Քալլաս. «Ազերպայճան շատ վստահելի ուժանիւթային գործընկեր է»
Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ եւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Քայա Քալլաս յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է ամրապնդել կապերը Ազերպայճանի հետ՝ յատկապէս ուժանիւթի մարզէն ներս։
“Մենք պէտք է աւելի շատ աշխատինք եւ ամրապնդենք մեր կապերը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ ուժանիւթի ու առեւտուրի։ Ազերպայճան շատ վստահելի ուժանիւթային գործընկեր է Եւրոպական Միութեան երկիրներուն համար”,– նշած է եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը։
Անդրադառնալով հաւանական աջակցութեան՝ Քալլաս աւելցուցած է. “Անշուշտ, մենք կ՚օգնենք աշխարհի տարբեր երկիրներուն՝ ականազերծման գործընթացին մէջ։ Հետեւաբար, եթէ մեզմէ խնդրեն, մենք նաեւ պիտի քննարկենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել այս ուղղութեամբ, սակայն տակաւին որեւէ որոշում չենք կայացուցած այս հարցին շուրջ”։
***
Քանի մը տարի առաջ, Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի նմանօրինակ յայտարարութիւնը վրդովումի փոթորիկ յառաջացուցած էր հայութեան մէջ։ Այսօր, երբ Քայա Քալլաս կը կրկնէ նոյն նախադասութիւնը, հակազդեցութիւնը գրեթէ անլսելի է։ Արդեօք մեր ականջներն ու ուղեղները վարժուա՞ծ են արդէն այս տխուր իրականութեան եւ դիւրութեա՞մբ կը մարսենք, թէ՞ երբ մենք ինքներս կը խօսինք Պաքուի հետ «խաղաղութեան» մասին, Եւրոպայէն հնչող խօսքը քննադատելու մեր բարոյական իրաւունքն իսկ կորսնցուցած ենք…
