Պատերազմական ոճիրի եւ Ցեղասպանութեան սովորականացումը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

21-րդ դա­րուն տա­րուէ-տա­րի ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը աւե­լի սո­վորա­կան կը դառ­նայ, հե­տեւա­բար Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­կա­լու­մը եւս կը ձե­ւափո­խուի։ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ցե­ղային բռնա­գաղ­թը աւե­լի զօ­րացուց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վտան­գի գո­յու­թիւնը, ամ­րապնդեց այն գա­ղափա­րը, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը միայն պատ­մութիւն չէ, ան­ց-

եալ չէ եւ որ­քան ալ ժա­մանակ ան­ցած ըլ­լայ՝ թէ­կուզ 111 տա­րի, եղե­լու­թիւնը կրնայ կրկնուիլ։ Անոր հա­մար չի բա­ւեր միայն յի­շելն ու ոգե­կոչե­լը, այլ պէտք է աշ­խա­տիլ, նա­խապատ­րաստուիլ, զօ­րանալ, ու­սումնա­սիրել ան­ցեալը, կա­տա­րուածը, ըմբռնել դրա­ցի ժո­ղովուրդնե­րու եւ եր­կիրնե­րու վերա­բեր­ումը, մեծ պե­տու­թիւննե­րու դե­րա­կա­տարու­թիւ­նը, ցան­կու­թիւն­ներն ու հե­ռան­կարնե­րը։ Ազեր­պայճա­նի կող­մէ 2021-2022 թուա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի վրայ կա­տա­րուած յար­ձա­կումնե­րը ա՛յդ դի­տա­ւո­րու­թիւնը ու­նէին։

Մինչեւ 2020-ի պա­տերազ­մը, Ար­ցա­խի ազա­տագ­րա­կան շար­ժումն ալ կը շեշ­տէր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման դա­տին անհրա­ժեշ­տութիւ­նը եւ ու­րա­ցու­մի դէմ պայ­քարը։ Բո­լորին հա­մար յստակ էր, որ Ար­ցա­խի պա­րագա­յին կա՛մ ազա­տագ­րութիւն էր, կա՛մ ոչնչա­ցում, այ­սինքն՝ ան­կա­խու­թիւն կամ ցե­ղային զտում…։ Ար­ցա­խի բնակ­չութեան բռնա­գաղ­թը ցոյց տուաւ, որ ան շա­րու­նա­կու­թիւնն է ծրագ­րի մը, որուն հե­տեւան­քը կրնար ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի գրա­ւու­մը եւ հա­յու­թեան բռնա­գաղ­թը Հա­յաս­տա­նէն։ Ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր, բա­ցի 1994-ի յաղ­թա­նակի փա­կագի­ծէն, հայ­կա­կան բա­նակի հզօ­րու­թեան մա­սին շատ խօ­սուած է, սա­կայն քիչ աշ­խա­տանք տա­րուած է զայն զօ­րաց­նե­լու եւ ժա­մանա­կակից զի­նատե­սակ­նե­րով օժ­տե­լու ուղղու­թեամբ։ Մէկ խօս­քով, հա­կառակ պնդումնե­րուն, ռազ­մա­կանօ­րէն բանակը ան­պատրաստ եղած է։ Կոյր՝ թշնա­միին պատ­րաստու­թեան դի­մաց։ Պե­տու­թիւնը ան­տե­սած է ինքնա­պաշտպա­նու­թիւնը՝ ապա­ւի­նե­լով մե­ծերու հո­վանա­ւորու­թեան ու խոս­տումնե­րուն։ Ան­կա­խու­թե­նէն մին­չեւ 2020-ի պա­տերազ­մը, բա­ցի Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանի նա­խագա­հու­թեան շրջա­նէն, որ խա­ղաղու­թեան կողմնա­կից էր, պե­տու­թիւնը աւե­լի ու աւե­լի կա­խեալ դար­ձած է Ռու­սաստա­նէն։ Ինքնիշ­խա­նու­թեան չէ ձգտած։ Քա­ղաքա­կան տհաս վե­րաբեր­ում ու­նե­ցած է։ Ար­ցախցի­ներուն տե­ղահա­նու­թիւնը ատոր առար­կա­յական ապա­ցոյցն է։

Ներ­կայ ժա­մանա­կաշրջա­նին մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի անար­գումը մեծ պե­տու­թիւննե­րու կող­մէ՝ սկսեալ ԱՄՆ-էն եւ Ռու­սաստա­նէն, կը զօ­րաց­նէ այն զգա­ցու­մը, որ փոքր եր­կիրներն ու ժո­ղովուրդնե­րը իրենց բնօր­րա­նէն զրկե­լը ար­տա­ռոց չէ, ինչպէս պա­տահե­ցաւ Ար­ցա­խի, Ուքրաինայի, Կա­զայի, Հա­րաւա­յին Լի­բանա­նի եւ Սու­րիոյ մէջ…։ Ազեր­պայճա­նի եւ Թուրքիոյ խօ­սոյ­թին մէջ Ար­ցա­խի գրա­ւումն ու հա­յաթա­փու­մը շատ բնա­կան երե­ւոյթ էին։ Եւ Ազեր­պայճան տա­կաւին Հա­յաս­տանն ալ գրա­ւելու ծրա­գիր ու­նէր ու փոր­ձեր կա­տարեց։ Մին­չեւ այ­սօր շուրջ 200 քա­ռակու­սի քի­լոմեթր հո­ղատա­րածք գրա­ւեց, եւ աւե­լին կ՚ընէր, եթէ հայ­կա­կան բա­նակը ի գին մեծ կո­րուստնե­րու՝ առաջ­քը չառ­նէր։

Հա­յաս­տա­նի ընտրու­թիւննե­րուն առ­թիւ, դժբախ­տա­բար, Ար­ցա­խի կո­րուստը քա­ղաքա­կան աժան շա­հար­կութեան նիւթ դար­ձած է։ Ընտրա­կան թղթա­խաղ մը։

Սփիւռքի մէջ, սա­կայն, Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը տար­բեր տա­րողու­թիւն ու­նի. տա­րիներ շա­րու­նակ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մը դար­ձած էր Սփիւռքի քա­ղաքա­կան պայ­քա­րի դրօ­շակը եւ ինքնու­թեան ար­տա­յայտման գլխա­ւոր ազ­դա­կը։ Այն աս­տի­ճան, որ յա­ճախ օտա­րու­թեան մէջ հա­յերու մա­սին որե­ւէ ակ­նարկի ժա­մանակ ան­մի­ջապէս կը յի­շուէր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ող­բերգու­թիւնը։ Բնա­կան է, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան եւ Սփիւռքի մօ­տեցումնե­րը նոյ­նը չըլ­լան, եւ առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րը տար­բե­րին։ Հարկ է գի­տակից ըլ­լալ ու յար­գել զգայ­նութիւններն ու առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րը։ 

Ժ.Չ. ■