Հայաստան՝ Եւրոպայի տնտեսական աճի առաջատար երրեակին մէջ

954648

Միջազգային դրամական հիմնադրամի (FMI) տուեալներուն համաձայն, 2025-ին Եւրոպայի մէջ միայն երեք երկիր կրցած է Միջազգային դրամական հիմնադրամի (FMI) տուեալներուն համաձայն, 2025-ին Եւրոպայի մէջ միայն երեք երկիր կրցած է գերազանցել համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ-PIB) իրական աճի 7%-ի շեմը։ Հայաստանը անոնցմէ մէկն է։

2025-ի ցուցանիշերը հետեւեալն են.

  • Իռլանտա՝ 12,3%
  • Վրաստան՝ 7,5%
  • Հայաստան՝ 7,2%

Եւրոպական մնացեալ բոլոր տնտեսութիւնները արձանագրած են այս ցուցանիշէն վար արդիւնք մը։

Այս իրագործումը կը ցոլացնէ տնտեսութեան տարբեր մարզերէն ներս ապահովուած կայուն ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ գործարար այնպիսի միջավայր մը, որ կը շարունակէ ներդրումներ եւ աշխուժութիւն ներգրաւել։