Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլը պիտի կրճատէ Ապրիլ 24-ի ուղղակի հեռարձակումը
Տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլը (Հ1) Ապրիլ 24-ին, կէսօրէ ետք ժամը 13-ին պիտի դադրեցնէ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրէն՝ Ծիծեռնակաբերդէն կատարուող ուղղակի հեռարձակումը։ Ըստ հրապարակուած յայտագրին՝ հեռարձակումը պիտի տեւէ ընդամէնը չորս ժամ՝ առաւօտեան 9-էն մինչեւ 13։
Ամէն տարի Ապրիլ 24-ին հարիւր հազարաւոր հայեր կ՚այցելեն Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին։ Պաշտօնատար անձերու, հոգեւորականներու եւ քաղաքացիներու այս անընդմէջ հոսքը աւանդաբար պետական հեռատեսիլի ալիքէն կը հեռարձակուէր մինչեւ ուշ գիշեր, ուստի այս կրճատումը էական շեղում է ընդունուած երկարամեայ գործելաոճէն։
Այս աննախադէպ քայլը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ իշխանութիւններու որդեգրած նոր մօտեցումներուն դէմ հնչող քննադատութիւններուն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներ բազմիցս ակնարկած են, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այլեւս արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն չէ։
Հեռարձակումը կրճատելու այս որոշումը արդէն իսկ աղմուկ բարձրացուցած է եւ կը գնահատուի որպէս պետական մակարդակով Ապրիլ 24-ի նշման՝ տասնամեակներու աւանդութեան խորհրդանշական խախտում։
