Մարսիլիոյ Ֆառոյի պալատը կը զգենու հայկական եռագոյնը

Screenshot

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, Ֆրանսայի Մարսիլիա քաղաքի պատմական յուշարձաններէն եւ քաղաքի ամէնէն խորհրդանշական կառոյցներէն մէկը նկատուող, Հին նաւահանգիստին վրայ իշխող «Ֆառօ» պալատը (Palais du Pharo) լուսաւորուած է Հայաստանի գոյներով։

Սա հզօր խորհրդանիշ մըն է Մարսիլիոյ հաւատարմութեան՝ քաղաք մը, որ հիւրընկալած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածները եւ դարձած՝ բարգաւաճ հայ համայնքի մը տունը։