Պոլսոյ մէջ արգիլուած է Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը

Screenshot

Պոլսոյ նահանգապետութիւնը, արդէն հինգերորդ տարին ըլլալով անընդմէջ, արգիլած է Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման հանրային ձեռնարկի կազմակերպումը։

«Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման հարթակ»-ը դիմում ներկայացուցած էր Ապրիլ 24-ի երեկոյեան ժամը 19-ին, Քատըգիւղի շրջանի «Սիւրէիա» օփերայի շէնքին առջեւ հաւաք մը կազմակերպելու համար: Սակայն նահանգապետարանը մերժած է դիմումը՝ առանց որեւէ բացատրութիւն տալու։

Կազմակերպիչներու հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 2010-էն մինչեւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը (2020), Պոլսոյ հրապարակներուն վրայ (Թաքսիմ, Թիւնէլ եւ Շիշհանէ) խաղաղ կերպով տեղի ունեցած են ոգեկոչման հաւաքներ: Սակայն համաճարակէն ի վեր, հանրային հաւաքներու բոլոր նմանօրինակ դիմումները կը մերժուին:

Խումբը շեշտած է, որ ոգեկոչման ձեռնարկներ կազմակերպելը ժողովրդավարական հիմնական իրաւունք է եւ կոչ ուղղած է իշխանութիւններուն՝ վերանայելու այս որոշումը։ Անոնք յայտարարած են, որ պիտի չնահանջեն ու չհրաժարին իրենց պահանջներէն՝ աւելցնելով, որ այս հաւաքները նպատակ ունին ոչ միայն յարգելու զոհերու յիշատակը, այլեւ՝ նպաստելու հանրային յիշողութեան պահպանման ու անցեալին հետ առերեսուելու ջանքերուն:

«Ժխտումը չի ջնջեր յիշողութիւնը. լռութիւնը չի վերաշարադրեր պատմութիւնը»,– եզրափակած են կազմակերպիչները։ Մարդկային իրաւանց պաշտպաններն ու համայնքային կառոյցները նոյնպէս խստօրէն քննադատած են այս արգելքը՝ նշելով, որ խաղաղ հաւաքներու սահմանափակումը կը խարխլէ խօսքի ազատութիւնն ու պատմական ճշմարտութեան ճանաչումը։