Երեւան. Աւանդական ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ
Ապրիլ 23-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկսած է աւանդական ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան կազմակերպած ամէնամեայ քայլարշաւը այս տարի ընթացած է «Պայքարը կը շարունակուի» խորագրին տակ։
Հազարաւոր քաղաքացիներ Ամիրեան փողոցէն, Բաղրամեան պողոտայէն եւ Կիեւեան փողոցէն անցնելով ուղղուած են դէպի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղելով՝ յարգանքի տուրք մատուցած են Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին։
Երթին սկիզբը մասնակիցները այրած են թրքական դրօշը եւ ոչ՝ նոյնպէս ազերպայճանականը, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն։ Անդրադառնալով այս արարքին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր մամլոյ բանբերին միջոցով, խստիւ դատապարտած է զայն։ Վարչապետը դրացի երկրի դրօշին հրկիզումը որակած է անպատասխանատու, անթոյլատրելի եւ լարուածութիւն հրահրող գրգռիչ վարքագիծ՝ յատկապէս Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ընթացող բանակցութիւններու լոյսին տակ։
