Փութինի Ապրիլեան ուղերձը

Փութին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ապրիլ 24-ի առիթով հրապարակած իր ուղերձին մէջ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, գրած է.

«Կը խոնարհինք Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրհազարաւոր զոհերու յիշատակին առջեւ։ Անպաշտպան մարդոց կոտորածին հետեւանքները ցոյց կու տալն կրօնական ատելութեան եւ ազգայնականութեան հրահրման վտանգաւոր հետեւանքները»։

Փութին նաեւ բարօրութիւն եւ բարգաւաճում մաղթած է հայ ազգին՝ ընդգծելով ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման կարեւորութիւնը։