Նախագահ Մաքրոնի Ապրիլ 24-ի պատգամը

Մաքրոն-b33e-11ef-a2ca-e99d0c9a24e3

Նախագահ Մաքրոն Ապրիլ 24-ին, X-ի իր հաշիւին վրայ երկլեզու՝ ֆրանսերէն եւ հայերէն հրապարակած է հետեւեալ պատգամը.

«Այսօր` Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը կ՚ոգեկոչէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը խոնարհի զոհերու յիշատակին առջեւ։

Սա առիթ է յիշելու, փոխանցելու եւ ընդգծելու այն անքակտելի կապը, որ կը միաւորէ Ֆրանսան՝ Հայաստանի եւ ֆրանսացիները՝ հայերուն հետ»։