Պաքու Երեւանէն կը պահանջէ պատժել Թուրքիոյ դրօշը հրկիզողները

Ազ ԱԺ

Անդրադառնալով Ապրիլ 23-ի ջահերով երթին սկիզբը Թուրքիոյ դրօշի հրկիզման արարքին՝ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ուր կոչ կ՚ընէ Հայաստանի կառավարութեան՝ պատժելու այդ գործողութիւնը կատարած անձերը։

«Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք էր ժամանակին կանխէր նման արշաւ մը, որ ցեղային հողի վրայ արմատացած ատելութեան մարմնաւորում է, եւ անվտանգութեան համապատասխան միջոցներու ձեռնարկէր։ Լիովին անընդունելի է ժողովրդավարական չափանիշերու, հաւաքներու եւ կարծիքի ազատութեան ետին թաքնուելով՝ նման գործողութիւններու վրայ աչք գոցելը։ Այսպիսի արարքներ, որոնք վրէժխնդրութեան եւ ցեղային ատելութեան վրայ հիմնուած ֆաշական մտածողութեան բացայայտ արտայայտութիւններ են, կը շարունակեն մնալ Հայաստանի մէջ. անոնք պէտք է դատապարտուին եւ կանխուին միջազգային մակարդակով»,– կը շեշտէ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեամբ։