Թրամփ. «Մենք յանձնառու ենք կանգնելու հայերու կողքին»
ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուղերձ մը յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, որուն մէջ ան՝ նախորդ նախագահին օրօք ճանչցուած Հայոց ցեղասպանութենէն յետքայլ ընելով, գործածած է «Մեծ Եղեռն» եզրը։ Ուղերձին մէջ կը նշուի.
«Այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք այն անթիւ հայերու յիշատակին, որոնք ենթարկուեցան բռնի տեղահանութեան ու դաժան կոտորածներու Մեծ Եղեռնի ընթացքին։ Մենք անսասան զօրակցութիւն կը յայտնենք իւրաքանչիւր ամերիկահայու եւ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ ապրող հայերուն՝ յիշատակի այս օրը, որ նուիրուած է աւելի քան դար մը առաջ տեղի ունեցած կործանարար իրադարձութիւններուն, եւ որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն ապրիլ այդ համայնքներու հաւաքական յիշողութեան մէջ։
Մարդկութեան պատմութեան այս ծանր էջը յաւերժ պիտի մնայ իբրեւ հայ ժողովուրդի անկոտրում ոգիին եւ քրիստոնէութեան առանցքին գտնուող յոյսին վկայութիւնը։ Մենք կը յարգենք այն ուժն ու վճռակամութիւնը, զորս հայ ժողովուրդը դրսեւորեց՝ յաղթահարելով անցեալի ահռելի ողբերգութիւնները եւ կերտելով աւելի լաւ ապագայ մը, որ կը բնորոշուի կայուն բարգաւաճումով, անվտանգութեամբ եւ խաղաղութեամբ։ Մենք կը վերահաստատենք անոնց կողքին կանգնելու մեր յանձնառութիւնը։
Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը միասին պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը՝ ուղղուած աւելի անվտանգ եւ բարգաւաճ աշխարհի մը կառուցման։ Իմ վարչակազմս կ՚ամրապնդէ մեր ռազմավարական գործակցութիւնը՝ ստեղծելով նշանակալի կարելիութիւններ հայ ժողովուրդին համար եւ նպաստելով Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն կայունութեան հաստատման։ Եւ այժմ, ամերիկացիներն ու հայերը կանգնած են կողք-կողքի՝ Խաղաղութեան խորհուրդի պատմական հարթակին վրայ, միաւորուած մեր ընդհանուր նպատակին շուրջ՝ բանալու խաղաղութեան նոր դարաշրջան մը։
Հայոց յիշատակի այս օրը, սգալով Մեծ Եղեռնի ողբերգութեան ընթացքին անմեղ զոհերու կորուստը, մենք կը վերահաստատենք մեր սրբազան կոչումը՝ պաշտպանելու անմեղները, խթանելու խաղաղութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ եւ խորին ակնածանք տածելու Ամենակարող Աստուծոյ հանդէպ, որ մեզ կը պահպանէ իւրաքանչիւր փորձութեան եւ յաղթանակի ընթացքին»։
