Նիւ Եորքի քաղաքապետին Ապրիլեան ուղերձը կատղեցուցած է թուրքերն ու ազերիները

Արձան+Զօհրան

Նիւ Եորքի նորընտիր քաղաքապետ Զօհրան Մամտանի Ապրիլ 24-ին «X»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է հետեւեալ ուղերձը, որ խոր վրդովում յառաջացուցած է թրքական աշխարհին եւ Պաքուի մէջ։ Այս հրապարակումին արձագանգող լուրերուն տակի մեկնաբանութիւններուն մէջ՝ կրակ ժայթքող թուրքերէն շատեր կ՚ըսեն. «Անտեղի ուրախացանք, որ մահմետական մը գրաւեց Նիւ Եորքի նման քաղաքի մը ղեկավարի աթոռը։ Ահա՛ ձեզի արդիւնքը։ … Թուրքին միակ բարեկամը թուրքն է…»։

«Այսօր կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։ Մինչ կը յարգենք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ներկայի Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տարածքին նահատակուած մէկուկէս միլիոն հայերուն յիշատակը, պարտաւոր ենք թոյլ չտալու, որ պատմութիւնը կրկնուի։

2020-ին, Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը յարձակում գործեցին Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հայ բնակչութեան վրայ։ 2023-ին, Ազերպայճան Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանեց աւելի քան 100.000 հայեր՝ շարունակելով ցեղասպանական այն արշաւը, որ սկիզբ առած էր աւելի քան դար մը առաջ։

Յիշատակի այս օրը, մենք կը վերահաստատենք հայ ժողովուրդին եւ բոլոր ժողովուրդներուն ազատութեան, անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը»։

Պաքու կը դատապարտէ

Պաքու քննադատած է այս յայտարարութիւնները։ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ զանոնք որակած է «կեղծ եւ գրգռիչ»։ Ան ընդգծած է, որ հանրային դէմքերը պէտք է խուսափին «ապատեղեկատւութենէն եւ չխրախուսեն պառակտումը»։

“Նման արտայայտութիւններ կը վկայեն տարածաշրջանի պատմութեան ու իրողութիւններուն անբաւարար ըմբռնումին մասին եւ կը խեղաթիւրեն փաստերը՝ քաղաքական նպատակներով։ 2020-ին Ազերպայճան գործած է իր միջազգայնօրէն ճանչցուած գերիշխան հողերու սահմաններուն մէջ՝ միջազգային իրաւունքին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն համապատասխան”,– յայտարարած է բանբերը։