Վարչապետ Փաշինեանի Ապրիլ 24-ի ուղերձը

Screenshot

Screenshot

Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ,

Այսօր մենք կ՚ոգեկոչենք 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը եւ յարգանքի տուրք կը մատուցենք մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք հայ ըլլալնուն համար ջարդի, տեղահանութեան ու սովի ենթարկուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ։

Մեծ Եղեռնը մեր գլխուն եկած մեծագոյն ողբերգութիւնն է, զոր մեր ժողովուրդը կը վերապրի արդէն 111 տարիէ ի վեր։

Ամէն տարի Ապրիլ 24-ին, մեր տասնեակհազարաւոր քաղաքացիներու թափօրը կը բարձրանայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ խոնարհելու մեր նահատակուած հայրենակիցներուն առջեւ։

Ու Ապրիլ 24-ի մեր համազգային երթը նաեւ մտածելու, խորհելու, պատմութիւնը արժեւորելու եւ Մեծ Եղեռնի կրկնութիւնը թոյլ չտալու հաստատակամութեան դրսեւորում է։

Այս մտորումներուն եւ հաստատակամութեան վրայ հիմնուած է մեր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան եւ կառավարող մեծամասնութեան վերջին տարիներու քաղաքականութիւնը։

Ձեր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն պատգամով, մենք վճռակամութիւն դրսեւորած ենք աւելի խորութեամբ հասկնալու մեր ժողովուրդին անցեալին ապրած ու պարբերաբար կրկնուող պատմութիւնը՝ ապագային այդ պատմութեան կրկնութիւնը թոյլ չտալու, մեր այսօրն ու ապագան աւելի լաւ դարձնելու համար։

Այսօր մենք հասած ենք այդ նպատակին նաեւ անոր շնորհիւ, որ հասկցած ենք, թէ կարելի չէ թոյլ տալ, որ Մեծ Եղեռնը դառնայ միջազգային խաղացողներու՝ մէկը միւսին դէմ պայքարի գործիք։

Մեր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հրատարակած «Հայոց պատմութիւն» հատորեակին մէջ է, որ հիմնաւոր կերպով արձանագրուած է, թէ Մեծ Եղեռնը, ի շարս այլոց, հայ ժողովուրդը միջազգային խարդաւանքներու մէջ ներքաշելու գործելակերպի հետեւանք է․ գործելակերպ մը, որ սկիզբ առաւ 19-րդ դարու կէսերէն եւ իր ողբերգական գագաթնակէտին հասաւ 1915 թուականին։

Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ,

Մեր ժողովուրդի մեծագոյն փափաքը իրականացած է. մենք ունինք պետութիւն եւ մենք ունինք խաղաղութիւն։ Պետութիւնն ու խաղաղութիւնն են այն երաշխիքը, որ Հայոց ցեղասպանութիւն կրկին տեղի չունենայ։ Այս պատմական նպատակը իրագործելու համար, մեզի անհրաժեշտ է դադրեցնել հայրենիքի փնտռտուքը մեր պետութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր տարածքէն դուրս։

Այս տարածքը փոքր չէ հայ ժողովուրդի բարգաւաճման, զարգացման ու բարեկեցութեան համար։ Այսօր մեր տասնեակ բնակավայրերը դատարկ են, տասնեակ բնակավայրեր եւ, ընդհանրապէս, մեր պետութիւնը թերբնակուած է։

Ասոր պատճառը եղած է խաղաղութեան բացակայութիւնը եւ այն գիտակցութեան պակասը, թէ հայրենիքը պետութիւնն է, ինքնութիւնը պետութիւնն է, անվտանգութիւնը պետութիւնն է՝ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներով, եւ այս գիտակցութեան վրայ հիմնուելով՝ հայ ժողովուրդը պէտք է դուրս գայ գաղթի ու պանդխտութեան տրամաբանութենէն։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր այսօրուան տարածքով կրնայ 5 միլիոն, 10 միլիոն հայերու բնակութեան վայր ըլլալ։ Սինկափուրի տարածքը Սեւանայ լիճի երկու երրորդէն ալ պակաս է, բայց հոն 5,5 միլիոն հոգի կ՚ապրի, որովհետեւ պետութիւնը հիմնուած է կրթութեան, ինքնահայեցման, խաղաղութեան ու մարդակեդրոն ձգտումներու վրայ։

Այսօր մենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ’առաջնորդենք ճիշդ այս տրամաբանութեամբ, «Իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութեամբ՝ հասկնալով, որ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը նախ եւ առաջ դրացիներու հետ կարգաւորուած յարաբերութիւններն են՝ հիմնուած՝ մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, սահմաններու անխախտելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը ճանչնալու վրայ։

Այն ուժերը, որոնք հանդէս կու գան «կորսնցուցած հայրենիքը վերադարձնելու, պատմական սահմաններու եւ արդարութեան վերականգնման» կոչերով ու տրամաբանութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դնեն 1878 թուականի Սան Սթեֆանոյի խորհրդաժողովի ուղեծիրին վրայ, որուն անխուսափելի վերջին կանգառը պետականութեան ու հայրենիքի կորուստն է, որովհետեւ աշխարհի մէջ իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր պատմութիւնը, իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր արդարութիւնը, իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր կորսուած հայրենիքը։ Մենք, ի վերջոյ, դուրս եկած ենք այս թակարդէն, եւ Հայաստանը կրկին այդ ուղղութեամբ տանելու փորձերը մեր պետութեան ու ժողովուրդին ուղղուած հրաւէր են դէպի կառափնարան։

Զոհերու եւ զոհողութիւններու գնով մենք գտած, վերագտած ենք մեր հայրենիքը, եւ այդ հայրենիքը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։

Մեր բոլոր նահատակներու զոհողութիւններուն հատուցումը Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութիւնն է։

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ազատութիւնը, անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնն է մեր բոլոր նահատակներուն իղձերուն եւ ընդհատուած երազանքներուն իրագործումը։ Մենք կ՚ընթանանք այս ճանապարհով։ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը կ՚ընթանայ այս ճանապարհով։

Փա՛ռք նահատակներուն եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։