Անգարա կը յիշէ «հայերու կոտորած թուրքերը»
Մինչ Ապրիլ 24-ին հայ աշխարհը կ՚ոգեկոչէ 1915-ի Ցեղասպանութեան իր բիւրաւոր զոհերը, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այդ օրը ընկերային ցանցերուն մէջ անդրադարձած է 1915-ի դէպքերուն՝ ոչ միայն ժխտելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ հայերուն վերագրելով «զանգուածային սպանութիւններ» գործած ըլլալու յանցանքը։
«Մենք ողորմութեամբ կը յիշենք այն անպաշտպան ու անմեղ թուրքերը, որոնք անողոք կերպով կոտորուեցան հայերուն կողմէ 1915-ի դէպքերուն ընթացքին»,– նշուած է Թուրքիոյ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան «X»-ի էջին վրայ։
Այսպէս, 111 տարի ետք, Անգարան կը մերժէ ու կը ժխտէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։
