Հայ դահուկորդը տուգանքի ենթարկուած է «Ազերպայճան» գրութիւնը ծածկելուն համար

Հայ դահուկորդ

Դահուկորդ Միքայէլ Միքայէլեան տուգանքի ենթարկուած է Tour de Ski-ի ընթացքին իր մարզահագուստին վրայ գտնուող «Ազերպայճան» գրութիւնը կպչուն ժապաւէնով ծածկելուն համար։ 

Իտալիոյ Թոպլաչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Ազերպայճանը։

Միքայէլեանի տուգանքին չափը առայժմ յստակ չէ։

“Թէ ինչու ես այս քայլին դիմեցի, կը մնայ իմ եւ Դահուկի դաշնակցութեան միջեւ”,– ըսած է հայ մարզիկը։