Հայաստան ընդգրկուած է World Travel Index-ի՝ ճամբորդութեան համար աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներու ցանկին մէջ եւ 193 երկիրներու շարքին 13-րդ տեղը կը գրաւէ՝ 90,27 ցուցանիշով։ Վարկանիշը ցոյց կու տայ, թէ ո՛ր երկիրները կ՚առաջարկեն ճամբորդութեան անվտանգութեան լաւագոյն պայմանները։