Ուղուրլեանի «Լանս»-ին աննախադէպ յաջողութիւնը

Ուղուրլեան

Ֆրանսահայ Ժոզէֆ Ուղուրլեանի նախագահած «Լանս»-ը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նուաճեց Ֆրանսայի բաժակը

Ֆրանսական «Լանս» (RC Lens) ֆութպոլի ակումբը, որուն սեփականատէրն ու նախագահն է ֆրանսահայ գործարար Ժոզէֆ Ուղուրլեան, Ուրբաթ օր, Մայիս 22-ին «Սթատ տը Ֆրանս»-ի մէջ 3-1 արդիւնքով յաղթելով «Նիս»-ին, իր 120-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նուաճեց Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակը (Coupe de France)։

Աւարտական մրցումին «Լանս»-ի կոլերը նշանակեցին Ֆլորիան Թովէն (25-րդ վայրկեան), Օտսոն Էտուար (42-րդ վայրկեան) եւ Ապտալլա Սիմա (78-րդ վայրկեան), մինչ «Նիս»-ի միակ կոլը նշանակեց Ճիպրիլ Քուլիպալի: Նշենք, որ 1906-ին հիմնուած հիւսիսային Ֆրանսայի հանքագործներու այս պատմական ակումբը նախապէս երեք անգամ հասած էր աւարտականին, սակայն բաժակը երբեք չէր բարձրացուցած:

Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի թոռ Ժոզէֆ Ուղուրլեան ակումբը գնած է 2016-ին եւ նախագահութիւնը ստանձնած՝ 2018-ին, երբ խումբը պարտքերու մէջ թաղուած էր եւ կը խաղար երկրորդ դասակարգին մէջ: Ան ոչ միայն վերականգնեց ակումբին տնտեսական կայունութիւնը, այլեւ 2023-ին (20 տարուան բացակայութենէ ետք) զայն վերադարձուց ԻՒԷՖԱ-ի «Ախոյեաններու լիկա», իսկ այս տարեշրջանին խումբը գրաւեց Ֆրանսայի ախոյեանութեան (Ligue 1) երկրորդ դիրքը:

Բացի ֆութպոլէն, Ուղուրլեան ազդեցիկ դէմք է եւրոպական գործարար եւ լրատուական աշխարհին մէջ։ Ան հիմնադիրն է «Amber Capital» ներդրումային հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ կը նախագահէ սպանական «PRISA» մետիա խումբին ու ծանօթ «El País» օրաթերթին։

Ուղուրլեան նաեւ աշխուժօրէն կը մասնակցի հայկական կեանքին. ան ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ է (նախապէս վարած է փոխնախագահի պաշտօնը) եւ որպէս բարերար մեծապէս կ՚աջակցի Հայաստանին։ Այդ յանձնառութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Բարձրագոյն խումբի առաջնութիւն բարձրացած «Սարդարապատ» ֆութպոլի ակումբը գործակցութեան սերտ պայմանագիր ունի «Լանս»-ին հետ, ինչ որ անոր կարելիութիւն կ՚ընձեռէ օգտուելու ֆրանսական ակումբի մարզումի արդիական մեթոտներէն ու չափանիշերէն։ Ուղուրլեան հիմնադրման օրէն կը հովանաւորէ «Սարդարապատ» ակումբը: