ՎԱՏԻԿԱՆ
Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը Վատիկանի մէջ դասախօսած է Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու մարտահրաւէրներուն մասին
Վատիկանի Կրեկորեան եւ Արեւելեան համալսարաններու տնօրէնութեան հրաւէրով, Երեքշաբթի, Մայիս 19-ի կէսօրին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկած է «Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները» խորագիրը կրող հրապարակային դասախօսութեամբ: Ձեռնարկին, որ չորրորդն էր Վեհափառին կողմէ նոյն համալսարանին մէջ, ներկայ եղած են դասախօսներ, դեսպաններ, հոգեւորականներ եւ Կաթողիկոսի պատուիրակութեան անդամները:

Իր ելոյթին սկիզբը, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած է Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապալից կացութիւնն ու եկեղեցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ան յատկապէս ծանրացած է երկու հիմնական խնդիրներու վրայ՝ տարածաշրջանին մէջ (բացառութեամբ Լիբանանի) քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու անտեսումը եւ Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու արտագաղթը: Այս մարտահրաւէրներուն դիմաց, Վեհափառ հայրապետը շեշտած է, որ շրջանի քրիստոնէութիւնը պէտք է որդեգրէ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն համապատասխանող յստակ, իրատես ու գործնական ռազմավարութիւն մը:
Այս ծիրէն ներս, Արամ Ա. կաթողիկոս առանձնացուցած է եօթը առանցքային կէտեր: Ան ընդգծած է քրիստոնեաներու՝ իրենց ապրած երկիրներուն ամուր կապուածութեան, համայնքային կեանքի վերակենսաւորման, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ ազգային ինքնութեանց փոխադարձ կապակցութեան կարեւորութիւնը: Միաժամանակ, ան անհրաժեշտ նկատած է փոքրամասնութիւն ըլլալու հասկացութեան յստակացումը, քրիստոնեայ-իսլամ պարզ երկխօսութենէն դէպի գործնական գործակցութիւն անցումը, կրաւորական դիտողի կարգավիճակէն գործուն դերակատարութեան անցնիլն ու ինքնակղզիացումի փոխարէն ընկերութեան կեանքին աշխուժօրէն մասնակցիլը:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինով Վեհափառը անդրադարձած է միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն՝ առաջնահերթ նկատելով եկեղեցիներու միջեւ ամուր գործակցութեան յառաջացումն ու հասարակաց գետիններու ճշդումը: Այս իմաստով, ան յատուկ կերպով շեշտած է Զատկուան տօնին համար միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը եւ եկեղեցիներու կրթական առաքելութեան վերակազմակերպման հրամայականը:
Աւարտին, Արամ Ա. հայրապետը հանդէս եկած է շարք մը կոչերով. Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ան յորդորած է աւելի ծաւալել իրենց գործակցութիւնը եւ նոր հունաւորում տալ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւններուն, իսկ տարածաշրջանի պետական պատասխանատուներէն պահանջած է իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն ընձեռել երկրի կեանքին մէջ աւելի գործուն մասնակցութիւն ունենալու կարելիութիւնը: Ան նաեւ կոչ ուղղած է արեւմտեան երկիրներուն՝ գործնապէս զօրակցելու շրջանի եկեղեցիներուն, իսկ սփիւռքի համայնքներուն՝ գործնական միջոցներով ցոյց տալու իրենց հաւատարմութիւնը թէ՛ մայր եկեղեցիներուն եւ թէ՛ հայրենիքներուն նկատմամբ:
Նշենք, որ դասախօսութենէն ետք, համալսարանի տնօրէնութիւնը ի պատիւ Վեհափառ հայրապետին սարքած է ճաշ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Կրեկորեան եւ Արեւելեան համալսարաններու դասախօսները:
