Բարերար Լեւոն Վարդան Տէր Պետրոսեան Հայաստանին նուիրած է գորգերու իր անձնական հաւաքածոն
Ամերիկահայ բարերարը իր անձնական հաւաքածոն Հայաստանին նուիրաբերած է՝ գորգերու թանգարան մը ստեղծելու նպատակով
Ամերիկահայ բարերար Լեւոն Վարդան Տէր Պետրոսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրաբերած է Կոտայքի մարզի Գառնի համայնքին մէջ գտնուող անշարժ գոյք մը, ինչպէս նաեւ իր անձնական արժէքաւոր հաւաքածոն՝ նոր գորգերու թանգարան մը հիմնելու նպատակով:
Այս առիթով, Մայիս 22-ին բարերարին եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեանի միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը:
Նախարար Անդրէասեան նշած է, որ Տէր Պետրոսեան արդէն իսկ սկսած էր Գառնիի ճամբուն վրայ թանգարանի շէնքի կառուցման եւ ենթակառոյցներու ստեղծման աշխատանքները: Շէնքին կառուցումը գրեթէ աւարտած է, եւ պետութիւնը կը ստանձնէ մնացեալ փոքր աշխատանքները զայն աւարտին հասցնելու համար, յուսալով թանգարանի բացումը կատարել յառաջիկայ Հոկտեմբերին։ Անդրէասեան ընդգծած է, որ թանգարանը պիտի ըլլայ բարձրակարգ,– ուր գորգը պիտի կազմէ ցուցադրութեան առանցքը,– եւ պիտի կարենայ հիւրընկալել դէպի Գառնի ուղղուող հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ:
Լեւոն Վարդան Տէր Պետրոսեան իր կարգին ընդգծած է Հայաստան-Սփիւռք գործնական եւ ստեղծարար գործակցութեան կարեւորութիւնը: “Միասին շատ աւելի հետաքրքրական եւ ստեղծարար կրնանք ըլլալ… Շատ խանդավառուած եմ, որ պիտի աշխատինք եւ նորութիւններ ներկայացնենք”,– ըսած է ան:
Նոր կեդրոնը պիտի չըլլայ պարզապէս թանգարան, այլ նաեւ կրթամշակութային հարթակ, ուր տեղի պիտի ունենան զանազան բնաբաններով ցուցադրութիւններ, վարպետութեան դասընթացքներ եւ կրթական ծրագրեր՝ նպաստելով հայկական հարուստ գորգարուեստի պահպանման ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցման: ԿԳՄՄ նախարարութիւնը յանձն առած է ապահովել թանգարանի մասնագիտական կայացումն ու հաւաքածոներու պատշաճ պահպանումը։
