RFI-ի հայկական թուային նախաձեռնութիւնը

RFI-1-© Jean-Baptiste Breen

Պայքար ապատեղեկատուութեան դէմ

France Médias Monde-ի միջազգային ցանցը կը հարստանայ նոր՝ 18-րդ լեզուով մը: Երկուշաբթի, Մայիս 25-ին, RFI-ի (Radio France Internationale) հայկական խմբագրութիւնը պաշտօնապէս բացած է իր դռները: Ութ մասնագէտ լրագրողներէ բաղկացած նոր խմբագրական կազմը կը ստանձնէ ամբողջութեամբ թուային բովանդակութեան արտադրութեան պատասխանատւութիւնը՝ յատկապէս թիրախաւորելով Հայաստանի երիտասարդութիւնը:

Խմբագրութիւնը քաղաքական անցուդարձերը, ինչպէս՝ Հայաստանի մօտալուտ վճռորոշ խորհրդարանական ընտրութիւնները, պիտի լուսաբանէ 100% թուային ձեւաչափով : Այս նպատակով գործուն ներկայութիւն պիտի ապահովուի Instagram, Facebook եւ TikTok հարթակներուն վրայ: Խմբագրապետ Աստղիկ Յակոբեանի համաձայն՝ «Հայաստանի երիտասարդութիւնը,– ինչպէս աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու երիտասարդութիւնը,– թուային աշխարհին հետ սերտօրէն առնչուած է, մինչ աւանդական լրասփիւռները լքուած են», հետեւաբար անհրաժեշտ է ընկերային ցանցերու միջոցով դիմել այս լսարանին:

RFI 2 © Jean Baptiste Breen

Խմբագրութեան գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ «երիտասարդութեան հետ խօսիլ՝ ստեղծելով նորարար ձեւաչափեր՝ տեղեկացնելու, օրուան լուրերը պատմելու եւ փաստերը ստուգելու համար»: Ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարը պիտի ըլլայ անոր հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկը՝ նպատակ ունենալով զարգացնել երիտասարդութեան եւ հայ ժողովուրդի քննադատական միտքը:

Կարեւոր է նաեւ նշել, որ խմբագրութիւնը իր բովանդակութիւնը պիտի արտադրէ բացառապէս արեւելահայերէնով: Յակոբեան կը բացատրէ, որ իրենց նպատակը «իսկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն դիմելն է»: Հակառակ լեզուական տարբերութիւններուն՝ ան յոյս կը յայտնէ, որ Սփիւռքի հայութիւնն ալ հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւի իրենց աշխատանքին: