Հայաստան՝ ենթակայ միջազգային խաղացողներու գրոհներուն

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Յու­նիս 7-ի ընտրու­թիւննե­րուն ըն­դա­ռաջ, Հա­յաս­տան են­թա­կայ է եր­կու զօ­րաւոր, իրա­րու հան­դէպ թշնա­մաբար տրա­մադ­րուած աշ­խարհա­քաղա­քական հո­սանքնե­րու ազ­դե­ցու­թեան։

Մէկ կող­մէն Ռու­սաստանն է, որուն քա­ղաքա­կան ղե­կավա­րու­թիւնը օրընդմէջ յայ­տա­րարու­թիւններ կը հրա­պարա­կէ՝ զգու­շացնե­լով Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնն ու մա՛նաւանդ ընտրա­զան­գուածը, թէ Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դա­մակ­ցութեան հե­ռան­կա­րը անըն­դունե­լի է եւ ան­հա­մատե­ղելի ԱՊՀ-ի, ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի միու­թե­նական գոր­ծակցու­թեան հետ։ Ասոր լա­ւագոյն ար­տա­յայ­տութիւննե­րէն մէ­կը Ռու­սաստա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխնա­խարար Մի­խայիլ Կա­լու­զի­նի բա­նաձե­ւումն էր, թէ՝ «Հա­յաս­տա­նը չի կրնար ըլ­լալ ե՛ւ Եւ­րա­սիական Տնտե­սական Միու­թեան, ե՛ւ Եւ­րո­պական Միու­թեան մէջ. ինչպէս կ՚ըսեն՝ միաժա­մանակ եր­կու հար­սա­նիքի պա­րել Հա­յաս­տա­նի հա­մար ան­կա­րելի պի­տի ըլ­լայ»։

Իսկ գործնա­կանին մէջ, յայ­տա­րա­րու­թիւննե­րէն ան­դին, Լար­սի վրաց-ռու­սա­կան սահ­մա­նակէ­տին վրայ հայ­կա­կան բեռ­նա­տար­նե­րու կու­տա­կու­մը եր­թա­լով կը մեծ­նայ, ինչ որ կը խո­րաց­նէ բեռ­նա­փոխադ­րողնե­րու անո­րո­շու­թիւնը։ Ինչպէս կը վկա­յէ 19 թոն պղպեղ բար­ձած բեռ­նա­տարի մը վա­րոր­դը, որ մտա­հոգուած է, թէ բան­ջա­րեղէ­նը եր­կար չի կրնար այդպէս պա­հուիլ։ Ասոր կող­քին, հայ­կա­կան պտուղ ու բան­ջա­րեղէն փո­խադրող բեռ­նա­տար­նե­րու այլ վա­րորդներ ռուսե­րուն կող­մէ զգու­շա­ցուած են. «Պէտք է Հա­յաս­տան վե­րադառ­նաք»։

Միւս կող­մէն՝ Եւ­րո­պական Միու­թիւնն ու ԱՄՆ-ն Հա­յաս­տա­նը սի­րաշա­հելու եւ անոր հետ ռազ­մա­վարա­կան ու տնտե­սական յա­րա­բե­րու­թիւննե­րը զար­գացնե­լու ան­դադ­րում առա­ջարկներ կ՚ընեն։ Ասոր վեր­ջին ար­տա­յայ­տութիւնն էր ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մար­քօ Ռու­պիոյի անակնկալ եւ շատ կարճ այ­ցե­լու­թիւնը Երե­ւան, Երեք­շաբթի, Մա­յիս 26-ին, ուր «Զուարթնոց» օդա­կայա­նին մէջ մէկ ժա­մուան ըն­թացքին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանի հետ նա­խաս­տո­րագ­րուեցաւ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու մի­ջեւ «Թրամ­փի ու­ղի՝ յա­նուն մի­ջազ­գա­յին խա­ղաղու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման» (TRIPP) ծրագրին վե­րաբե­րող ռազ­մա­վարա­կան հա­մագոր­ծակցու­թեան շրջա­նակ-հա­մաձայ­նա­գիրը։ Միաժա­մա­նակ ստո­րագ­րուեցան նաեւ եր­կու եր­կիրնե­րուն մի­ջեւ հա­մապար­փակ ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան կա­նոնադ­րութիւնն ու կա­րեւո­րագոյն հան­քա­նիւ­թե­րու եւ հա­զուա­գիւտ հա­նածո­ներու ար­դիւնա­հան­ման ու մշակ­ման ոլոր­տի մա­տակա­րար­ման ապա­հով­ման շրջա­նակա­յին յու­շա­գիրը։

Ու­շագրաւ է նաեւ ֆրան­սա­կան RFI ձայ­նասփիւ­ռի հայ­կա­կան խմբագ­րու­թեան ստեղ­ծումը, որ սկսած է գոր­ծել Մա­յիս 25-ին։ Ներ­կա­յիս ութ հո­գինոց անձնա­կազ­մէ բաղ­կա­ցած այս խմբագ­րութիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ ամ­բողջու­թեամբ թուային հրա­տարա­կու­թիւն, որուն գլխա­ւոր հասցէատէրը պի­տի ըլ­լայ երի­տասար­դութիւ­նը։ Հայ­կա­կան խմբագ­րութեան առանցքա­յին նպա­տակն է խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րու լու­սա­բանումն ու ռու­սա­կան քա­րոզ­չութեան դի­մադրու­մը։ Խմբագ­րութիւ­նը կը պնդէ. «Այս ընտրար­շա­ւի գլխա­ւոր թե­մանե­րէն մէ­կը Հա­յաս­տա­նի՝ Եւ­րո­պական Միու­թեան մեր­ձե­նալու հնա­րաւո­րու­թիւնն է, որուն Ռու­սաստան կտրա­կանա­պէս դէմ է»։

Ռու­սաստա­նի կող­մէ տնտե­սական լծակ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան սպառ­նա­լիքին դի­մաց՝ Թուրքիոյ եւ Ազեր­պայ­ճա­նի հետ առեւտրա­յին եր­կա­թու­ղա­գիծի գոր­ծարկու­մը Հա­յաս­տա­նի հա­մար տա­րածաշրջա­նային տնտե­սու­թեան հա­մարկման ու զար­գացման նոր հնա­րաւո­րու­թիւններ կը ստեղ­ծէ, ինչ որ ռու­սա­կան շու­կա­յէն կա­խեալու­թիւնը նուազեց­նե­լով, կը զօ­րաց­նէ Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թիւնը։

Նկա­տի առ­նե­լով, որ Հա­յաս­տա­նի եր­կա­թու­ղա­գիծը Ռու­սաստա­նի կա­ռավար­ման տակ է, այս կէ­տին վրայ եւս Հա­յաս­տան-Ռու­սաստան ան­հա­մաձայ­նութիւ­նը մեծ է։ Հայ­կա­կան կող­մը կը մե­ղադ­րէ ռու­սա­կանը՝ պէտք եղած են­թա­կառու­ցա­յին աշ­խա­տանքնե­րը չկա­տարե­լուն հա­մար, մինչ Հա­յաս­տան կ՚աճա­պարէ. կը նա­խատե­սուի նոյ­նիսկ անոր կա­ռավա­րու­մը յանձնել այլ երկրի, ինչպէս Անվտան­գութեան խոր­հուրդի քար­տուղար Ար­մէն Գրի­գորեան կը նշէ. «Հայ­կա­կան եր­կա­թու­ղին այլ երկրի կա­ռավար­ման յանձնե­լու հար­ցը կը շա­րու­նա­կէ մնալ մեր օրա­կար­գին վրայ»։

Այս բո­լորին մէջ միակ ան­յայտը կը մնան Հա­յաս­տան-Իրան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, որոնք պի­տի յստա­կանան միայն ԱՄՆ – Իս­րա­յէլ – Իրան պա­տե­րազ­մի աւար­տին։

Ժ.Չ. ■