Ռուսաստանէն՝ հիմա ալ, Հայաստանի քաղաքացիներու արտաքսման սպառնալիք

Թոլսթոյ

Թոլսթոյ. «Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Ռուսաստանի մէջ գործող գաղթի արտօնութիւնները կրնան ջնջուիլ»

Ռուսաստանի Պետական Տումայի փոխնախագահ Փիոթր Թոլսթոյ Մայիս 26-ին հանդէս եկած է Հայաստանի եւ անոր քաղաքացիներուն ուղղուած նոր նախազգուշացում-սպառնալիքով մը՝ ակնարկելով գործող գաղթի արտօնութիւններու հաւանական ջնջումին։

Ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը յայտարարած է, թէ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Ռուսաստանի մէջ գործող արտօնութեան պայմանները կրնան վերցուիլ։ “Կ՚ուզեմ զգուշացնել այն գործիչները, որոնք կը փորձեն հեռանալ Ռուսաստանէն, որ Հայաստանի համար շատ աւելի գէշ պիտի ըլլայ, եթէ Ռուսաստան որոշէ տարանջատուիլ։ Հետեւանքները շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան”,– ըսած է ան՝ բացայայտօրէն կապելով քաղաքական գործընթացները շարքային քաղաքացիներու ճակատագրին հետ։

Թոլսթոյ մանրամասնած է նաեւ, թէ խօսքը յատկապէս ո՛ր իրաւունքներու մասին է։ Ան յիշեցուցած է, որ ներկայիս գործող դրութեամբ Հայաստանի քաղաքացիները կը վայելեն շարք մը առաւելութիւններ, որոնց շարքին՝ Ռուսաստանի տարածքին առանց յաւելեալ արձանագրութեան երկարաժամկէտ կեցութեան իրաւունքը եւ աշխատանքի ընդունման պարզացուած կարգը։ Փոխնախագահը յստակացուցած է, որ տրամադրուած այս բոլոր դիւրութիւնները հիմնուած են բացառապէս ռազմավարական դաշնակիցի կարգավիճակին վրայ՝ ուղղակիօրէն հասկցնելով, որ դաշնակցային յարաբերութիւններու խաթարումը անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ այդ արտօնութիւններու կորստեան։