«Փաշինեանի դէմ մահափորձ»-ի գործով՝ անձի մը ինքնութիւնը պարզուած է
Ձերբակալման հրաման արձակուած է
Մայիսի կէսերուն, Հայաստանի ընտրութիւններէն առաջ, դիմակաւոր եւ զինուած հինգ անձեր տեսանիւթի մը միջոցաւ վարչապետ Փաշինեանին սպառնացած էին՝ ըսելով. «Քու իւրաքանչիւր քայլդ գիտենք»։ Իշխանութիւնները Յունիս 1-ին յայտնեցին, որ սպառնալիք հնչեցնող անձին ինքնութիւնը պարզուած է, եւ արձակուած է ձերբակալման հրաման։
Քննչական կոմիտէն իր հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ ներկայիս փախուստի մէջ գտնուող եւ 2024-էն ի վեր արտասահման բնակող կասկածեալը՝ վարչապետին դէմ մահափորձ կազմակերպելու նպատակով առնուազն չորս մեղսակիցներու հետ դաւադրութիւն ծրագրած է եւ շարունակուող քարոզարշաւի ընթացքին վարչապետի այցելելիք հաւանական վայրերուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքած է։
Մայիս 18-ին համացանցի մէջ տարածուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւէր դիմակաւոր անձ մը, որուն ետին կանգնած էին ԱՔՍ-74ՈՒ (AKS-74U) տիպի զէնքերով չորս այլ դիմակաւորներ. անոնք Փաշինեանը սպանելու սպառնալիք կը հնչեցնէին։
Քննչական կոմիտէն նաեւ նշած է, որ յիշեալ անձերը, ուղղակի հեռարձակման ընթացքին տեսանիւթը տարածելու նպատակով, ապօրինի կերպով մուտք գործած են սահմանափակ հասանելիութեամբ համակարգչային ցանց մը։
Կասկածեալներէն միայն մէկուն ինքնութիւնը բացայայտուած է եւ իշխանութիւնները յայտնած են, որ անոր անունին սկզբնատառերն են՝ Մ.Մ.։
Մ.Մ.-ն հեռակայ կարգով դատի կը տրուի տեսանիւթի տարածման համար օգտագործուած ցանց ապօրինի մուտք գործելու, քաղաքական շարժառիթներով սպանութիւն ծրագրելու եւ նախընտրական քարոզարշաւը խոչընդոտելու յանցանքներով։
Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի Երեւանի Քննչական վարչութեան կողմէ իրականացուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին հաւաքուած են համապարփակ ապացոյցներ, կատարուած են բազմաթիւ խուզարկութիւններ եւ իրականացուած են շուրջ քսան հարցաքննութիւններ։
