Մահացած է հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, Իսի-լէ-Մուլինոյի երկարամեայ քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին
Անտրէ Սանթինին՝ արդէն հիւծած
Խոր ցաւով տեղեկացանք, թէ Յունիս 1-ին, յետ անողոք հիւանդութեան՝ կեանքէն հրաժեշտ առած է Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետ, նախկին նախարար եւ հանրային-քաղաքական կեանքի ականաւոր դէմք Անտրէ Սանթինի։
հայ ժողովուրդի վաղեմի բարեկամ՝ Սանթինի մշտապէս ցուցաբերած է զօրաւոր եւ մնայուն յանձնառութիւն ի նպաստ Հայաստանի ու հայութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքին։ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամական կապերուն հանդէպ անոր անկեղծ ու յարատեւ նուիրումը վառ պիտի մնայ յիշողութիւններուն մէջ։
Անտրէ Սանթինիի կորուստը ծանր հարուած է ֆրանսահայութեան եւ համայն հայութեան համար։ Ան աւելի քան չորս տասնամեակ (1980 թուականէն ի վեր) անընդմէջ վարած է Փարիզի մերձակայ եւ հայահոծ Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետի պաշտօնը՝ դառնալով Ֆրանսայի ամէնէն ծանօթ ու ազդեցիկ տեղական ինքնակառավարման գործիչներէն մէկը։ Իր պաշտօնավարութեան երկար տարիներուն ընթացքին ան անդուլ կերպով աջակցած է Հայ դատին, Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման գործընթացին եւ յարատեւօրէն զօրավիգ կանգնած է Արցախի ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն։
Անոր անմիջական նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով էր, որ 1989-ին Իսի-լէ-Մուլինօն զուգորդուեցաւ Հայաստանի հոգեւոր մայրաքաղաք Էջմիածնի (Վաղարշապատ) հետ՝ հիմք դնելով ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան լաւագոյն եւ ամէնէն արդիւնաւէտ օրինակներէն մէկուն։ Սանթինի մեծապէս սատարած է նաեւ տեղւոյն հայկական մշակութային եւ կրթական կեանքի զարգացման. անոր ղեկավարութեան տարիներուն քաղաքին մէջ հիմնուած ու բարգաւաճած են հայկական հաստատութիւններ, կանգնեցուած են յուշարձաններ (ինչպէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողը), եւ Իսի-լէ-Մուլինօն վերածուած է Ֆրանսայի հայկական շունչ ունեցող ամէնէն վառ կեդրոններէն մէկուն։
